50 Տարի Առաջ ( 10 Սեպտեմբեր 1962 )

Ազատ Գալայճեան (ՀՄԸՄ)
Շահեցաւ Զահլէի Հեծելարշաւը

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդ Մարզիկը
Առաջին Տեղը Գրաւեց
Երկու Հանգրուաններուն Ընթացքին

ՀՄԸՄ-ական Ազատ Գալայճեան փայլուն կերպով շահեցաւ Զահլէի հեծելարշաւը, որ կազմակերպուած էր հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, կողմէ, հովանաւորութեամբ «Ժարիտա» թերթին: Երիտասարդ մարզիկը շահեցաւ երկու հանգրուաններն ալ, շաբաթ եւ կիրակի օր:

Երկրագործութեան նախարար Ժոզեֆ Սքեֆ եւ Պեքաայի կուսակալ Նասրի Սալհապ դիմաւորեցին հեծելանւորդները Զահլէի մէջ:

Ազատ Գալայճեան երկրորդ եւ վերջին հանգրուանը շահեցաւ մրցակիցներու ստուար խումբ մը պարտութեան մատնելով: Շաբաթ օր Գալայճեան շահած էր Պէյրութ-Պաալպեք առաջին հանգրուանը 3 ժ. 13’5”-էն, աւելի քան 11 վայրկեանի առաւելութիւն մը հաստատելով իր անմիջական յաջորդին` Անթուան Աուատի վրայ: Հետեւաբար, եթէ անակնկալ մը չպատահէր, Ազատ Գալայճեանի համար դժուար պիտի ըլլար մրցումը կորսնցնել: Ոչ միայն այդ անակնկալը չպատահեցաւ, այլ նաեւ Գալայճեան շահեցաւ 2-րդ հանգրուանը` սփրինթի մէջ պարտութեան մատնելով իր զօրաւորագոյն մրցակիցները:

Ազատ Գալայճեան Զահլէի մրցումը շահելով` կը բարձրանայ մեծ ախոյեաններու` Ժան Նալչայեանի, Կարօ Մուրատեանի, Յովհաննէս Ծատուրեանի ու Թարեք Ապու Զահապի դասին:

Ստորեւ կու տանք ընդհանուր դասաւորումը.

1) Ազատ Գալայճեան (ՀՄԸՄ), 5 ժամ 18′ 52”:
2) Շաֆիք Թարապէյ (Սաքրէ Քէօր), 5 ժամ 30′ 42”:
3) Յովհ. Վարժապետեան (ՀՄԸՄ), միաժամանակ:
4) Ժագ Նալչայեան (ՀՄԸՄ), միաժամանակ:
5) Անթուան Աուատ (Սաքրէ Քէօր), 5 ժամ 30′ 47”:

Խմբական դասաւորում

1) ՀՄԸՄ 22 կէտ:
2) Սաքրէ Քէօր, 34 կէտ:
3) ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, 43 կէտ:
4) Սեւան, 73 կէտ:

 

Հայ Կեանք

ՀՅ Դաշնակցութեան Ողիմպիականը
Ամերիկայի
Մէջ Փրովիտենս Յաղթական

«Հայրենիք»-ի 5 սեպտեմբերի թիւին մէջ կարդանք.-

ՀԵ Դաշնակցութեան 29-րդ Ողիմպիականի մրցումները տեղի ունեցան կիրակի, 2 սեպտեմբեր, կէսօրէ ետք, «Քանքըրտ Էվընիւ սթատիըմ»-ի մէջ:

Օրուան ատենապետ Ստեփան Տիւլկերեան բարի գալուստ մաղթելով բոլոր մարզիկներուն ու հանդիսականներուն` հրաւիրեց Անահիտ Չենկելեանը, որ երգեց ամերիկեան ազգ. քայլերգն ու «Մեր հայրենիքը»: Ապա հայր Թորգոմ Յակոբեանի աղօթքով ու հակիրճ խօսքերով ընթացք տրուեցաւ յայտագրին:

Ի միջի այլոց ուղերձներ ըրին` հազարապետ Հենրի Պնրի` կառավարիչ Ճոն Վոլփիի իբրեւ ներկայացուցիչ, Սելեքթմեն Հաւըրտ Շարփ, եւ ՀՅԴ, ԿԿ-ի կողմէ ընկ. Սարգիս Տէր Պետրոսեան: Ողիմպիականի ջահը վառեց նախորդ տարուան յաղթական Ուսարի խումբին ներկայացուցիչը:

Հանդիսականներու բազմութիւնը մեծ հաճոյքով ու խանդավառութեամբ հետեւեցաւ խաղերուն, որոնք վերջացան Փրովիտենսի յաղթանակով: Դժբախտաբար անձրեւը պատճառ եղաւ, որ հանդիսականները շուտ մեկնին:

Բացառիկ յաջողութիւն արձանագրեցին նաեւ շաբաթ օրուան եւ կիրակիի պարահանդէսները ու երկուշաբթի օրուան դաշտահանդէսը, «Հայաստան քեմփ»-ին մէջ: Սրտապնդիչ էին թէ՛ ժողովրդական մասնակցութեան աննախընթացք թիւը եւ թէ՛ յայտագրի մասնակցութիւնը: Հինգ վեց հազար հոգի ներկայ եղան դաշտահանդէսին, ինչ որ աննախընթաց թիւ մը կը նկատուի:

Երեւանի Մէջ Մահացած Է
Գրագէտ
Ս. Սարեան

Երեւանի թերթերը ցաւով կը գուժեն մահը ծանօթ գրագէտ Սարգիս Սարեանի: Ողբացեալը ծնած էր Նոր Նախիջեւան, 1917-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած էր Երեւանի կեդրոնական ցուցադրական դպրոցը, ապա 1935-ին մտած էր Երեւանի կեդրոնական ցուցադրական դպրոցը, ապա 1935-ին մտած էր պետական համալսարանի բանասիրական ճիւղը, հուսկ, ուրեմն,  1945-47-ին Խորհրդային Միութեան ակադեմիան համաշխարհային գրականութեան բաժինը:

1945-էն ի վեր անդամ էր Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի գրականութեան կաճառին:

Սարգիս Սարեան բազմահմուտ գիտելիքներու եւ բարձր ճաշակի տէր գրագէտ մըն էր, որ կը տիրապետէր քանի մը լեզուներու: Ճանչցուած էր իբրեւ եւրոպական գրականութեան վերածնունդի շրջանի լաւագոյն մասնագէտներէն մէկը:

Դարձեալ Գրական Կողոպուտ

Բաւականաչափ տարիքոտ Մանուկ Կարապետեանի անունին յաճախ կարելի է հանդիպիլ «Երիտասարդ ձայներ» խորագրին տակ երեւցող սկսնակ եւ երիտասարդ բանաստեղծներու նուիրուած սիւնակներուն մէջ: Գրական յաւակնութիւններ ունեցող այս «երիտասարդը» երկու քերթուածներ «Գարուն» եւ «Ձմրան առաւօտ» զետեղած է «Սովետական Գրականութիւն», ամսաթերթի յուլիսի թիւին մէջ: Քերթուածներէն «Գարունը», բառերու աննշան փոփոխութիւններով կը յիշեցնէ Համօ Սահեանի նոյնիմաստ բանաստեղծութիւնը` գրուած երկու տարի առաջ, 1960 յուլիս 15-ին, «Գրական թերթին» մէջ, Երեւան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )