Ապագայի Ուտելիքներ. Ի՞նչ Պիտի Ուտենք 20 Տարի Ետք
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՍՆՆԴԵՂԷՆԻ ԳԻՆԵՐՈՒ ՎԵՐԻՎԱՅՐՈՒՄՆԵՐԸ, ԻՆՉՊԷՍ ՆԱԵՒ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԱՃԸ ՄՏԱԾԵԼ ԿՈՒ ՏԱՆ, ԹԷ ՊԷՏՔ Է ՎԵՐԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿԵՆՔ ՄԵՐ ԱՌԱԾ ՍՆՈՒՆԴԸ. ԳԷԹ ԱՅՍՊԻՍԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՄԸ ԿՈՒ ՏԱՆ ՍՆՆԴԵՂԷՆԻ ԱՊԱԳԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ: ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ, 20 ՏԱՐԻ ԵՏՔ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՍՊԱՍԱՐԿԵՆՔ ՄԵՐ ՃԱՇԱՍԵՂԱՆՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ: «ՊԻ ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԹՈՒԷ ՈՉ ԱՅՆՔԱՆ ԱԽՈՐԺԱԲԵՐ ԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐ…
Առաջին ակնարկով կարելի չէ պատկերացնել, թէ ի՛նչ է կապը ՆԱՍԱ-ի, միսի գիներուն եւ մետաղային գործիքներու նուագախումբերուն միջեւ: Սակայն այս երեքը իրենց դերը կը խաղան ապագայի մեր սննդեղէնին տեսակը եւ զայն սպառելու միջոցները որոշելու մէջ:
Սննդեղէնի սղաճը, բնակչութեան աճը եւ կենսոլորտի հարցերը քանի մը պատճառներ են, որոնք աշխարհի պետութիւններն ու կազմակերպութիւնները, ներառեալ` ՄԱԿ-ը, կը մղեն մտածելու, թէ ինչպէ՞ս պիտի սնանինք ապագային:
Ի՞Նչ Կ՛ուտէինք Առաջ
Հնադարեան Յունաստանի մէջ նախաճաշը գինիի մէջ թաթխուած հաց էր:Հնադարեան Հռոմի մէջ ընդհանրացած էր կարումը. թացան մը` պատրաստուած ձուկերու փորոտիքէն, որ երկար ժամանակ կը չորցուէր արեւուն տակ:
Թիւտըրներու ժամանակներու Անգլիոյ ճաշացուցակին մաս կը կազմէր շամփուրի վրայ խորոված դլփինը:
Հենրի Ը. թագաւորին խրախճանքներուն առիթով կը սպասարկուէր սիրամարգի, ճայի, ծովախոզի եւ տառեխի միս:
Բրիտանիոյ մէջ միսի գիները մեծ ներգործութիւն պիտի ունենան բնակչութեան սննդականոնին վրայ: Սննդեղէնի ճարտարարուեստին մէջ ոմանք կը նախատեսեն, թէ միսի գիները կրնան կրկնապատկուիլ յառաջիկայ 5-7 տարիներուն, զայն վերածելով պերճանքի:
«Արեւմուտքի մէջ մեզմէ շատեր հասակ նետած են աժան եւ առատ միս սպառելով», կ՛ըսէ սննդեղէնի ապագան ուսումնասիրող մասնագէտ Մորկեն Կէյ:
«Գիներու մագլցումը մտածել կու տայ, թէ միսը անգամ մը եւս կը դառնայ պերճանք: Հետեւաբար կը փնտռենք միսը փոխարինող նոր ուտելիքներ»:
Ուրեմն, ի՛նչ բաներ պիտի փոխարինեն միսը եւ պիտի լեցնեն մեր ստամոքսները: Աւելի՛ն. ի՛նչ ձեւով պիտի սպառենք զանոնք:
Միջատներ
Միջատները կամ «մանր սննդեղէնը», ինչպէս ծանօթ են անոնք, պիտի դառնան մեր առօրեայ սննդականոնին կարեւոր մէկ մասը, ինչպէս կ՛ըսէ Կէյ:
Ասիկա բոլորին համար նպաստաւոր ընտրանք մըն է: Միջատները նոյնքան սննդական արժէք ունին, որքան` սովորական միսը եւ բնասպիտի (փրոթէին) հարուստ աղբիւր մըն են, ինչպէս կ՛ըսեն Հոլանտայի Վակենինկեն համալսարանէն ուսումնասիրողներ: Զանոնք բուծանելը շատ աւելի նուազ ծախսալից է, քան` նախիր մը պահելը: Միջատները նուազ ջուր կը սպառեն եւ օզոնի խաւին վնաս պատճառող կազեր չեն արտանետեր: Աւելի՛ն. մարդոց համար իբրեւ սնունդի աղբիւր կարելի է օգտագործել շուրջ 1400 տեսակի միջատներ:
Խօսքը չի վերաբերիր մեր պնակներուն մէջ պոչաւոր եւ թեւաւոր միջատներ սպառելու: Այլ շատ հաւանական է, որ մեզի հրամցուին միջատներով պատրաստուած պըրկըրներ եւ երշիկներ, յար եւ նման` միսով պատրաստուած մեզի ծանօթ տարբերակներուն:
«Ծղրիդի եւ մարախի նման միջատներ պիտի աղացուին եւ օգտագործուին իբրեւ բաղադրիչ տարր` պըրկըրներու նման ուտելիքներուն մէջ», կ՛ըսէ Կէյ:
Միջատներու Սննդական Արժէքը
ՍՆՈՒՆԴԻ ԱՂԲԻՒՐ ԲՆԱՍՊԻՏ (կր.) ԿԻՐ (մկր.) ԵՐԿԱԹ (մկր. Ծղրիդ 28.2 – 35.5 Մարախ 20.6 35.2 5 Բզէզ 17.2 30.9 7.7 Յօշած միս 27.4 – 3.5
Հոլանտայի պետութիւնը դրամական լուրջ յատկացումներ կը կատարէ միջատները բնակչութեան սննդականոնին մէջ ներմուծելու նպատակով: Անիկա վերջերս մէկ միլիոն եւրօ շահարկեց միջատներու ագարակներ հաստատելու եւ զանոնք ղեկավարելու օրէնքներու ուսումնասիրութեան մէջ:
Աշխարհի բնակչութեան մեծ մասը արդէն կը սպառէ միջատներ` իր առօրեայ սննդականոնին մէջ: Թրթուրներն ու մարախները ժողովրդականութիւն կը վայելեն Ափրիկէի տարածքին: Պիծակները համադամ ուտելիքներ են Ճափոնի մէջ: Թայլանտի բնակիչները ծղրիդ կը սպառեն:
Սակայն հարկ է ամբողջութեամբ շրջել միջատներուն «դիմագիծը», եթէ անոնք պիտի դառնան նրբաճաշակ եւրոպացիներուն եւ հիւսիսային ամերիկացիներուն սնունդի աղբիւրը, կը նշէ Կէյ, որ անդամ է Փորձարկուող սննդեղէնի ընկերակցութեան:
«Անոնք ժողովրդականութիւն պիտի սկսին վայելել, երբ հրաժարինք միջատ բառին գործածութենէն եւ որդեգրենք, օրինակ, «մանր սննդեղէն» սահմանումը», կ՛ըսէ ան:
Ձայներով Խթանուած Սննդեղէն
Բաւական շատ գրուած է այն մասին, թէ ուտելիքի մը տեսքն ու բոյրը ինչպիսի՛ ներգործութիւն կ՛ունենան անոր սպառումին վրայ: Սակայն համերու վրայ ձայնին ներգործութիւնը նոր մարզ մըն է, որ հետզհետէ աւելի լայն ձեւով կ՛ուսումնասիրուի: Վերջերս Օքսֆորտ համալսարանին մէջ գիտնականներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ, թէ որոշ ձայնաստիճաններ աւելի քաղցրահամ կամ լեղի կը դարձնեն ուտելիքները:
«Ոչ մէկ փորձառութիւն արդիւնք է մէկ զգայարանով ապրուած փորձառութեան,- կ՛ըսէ Ռասըլ Ճոնզ, որ կ՛աշխատի Քոնտիմընթ Ճանքի ընկերութեան մէջ եւ մասնակցած է ուսումնասիրութեան` իբրեւ սննդեղէնի ձայնային պիտակները որոշող ընկերութեան մը ներկայացուցիչը:- Մեծ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնենք մեր սպառած ուտելիքներուն արտաքին տեսքին եւ բոյրին վրայ, սակայն ձայնը նոյնքան կենսական է»:
«Քաղցր-լեղի» վերնագիրը կրող ուսումնասիրութիւնը, որ կատարուած է Օքսֆորտի համալսարանէն փորձառական հոգեբանութեան դասախօս Չարլզ Սփենսի կողմէ, ի յայտ բերած է, թէ ուտելիքներուն համը կարելի է բարեփոխել` փոփոխութեան ենթարկելով ուտելու պահուն խորքին հնչող երաժշտութեան մը ձայնային յատկանիշները:
Ձայներու Ներգործութիւն` Համերու Վրայ
Մետաղային գործիքներու ցած ձայներ աւելի լեղի համ մը կու տան ուտելիքին:
Բարձր աստիճանով դաշնակի կամ զանգակի ձայներ աւելի քաղցր համ մը կու տան ուտելիքին:
«Կատարելապէս վստահ չենք, թէ ի՛նչ կը պատահի ուղեղին մէջ, սակայն բան մը կը պատահի՛, եւ ասիկս իրապէս շատ հետաքրքրական է», կ՛ըսէ Ճոնզ:
Ձայնի եւ ուտելիքի միջեւ կապը փորձարկած է խոհարար Հեսթըն Պլումենթըլ: Ան իր «Ֆեթ տաք ճաշարանին մէջ կը սպասարկէ «Սաունտ աֆ տը սի» (ծովուն ձայնը) անունով ճաշ մը, որ կը հրամցուի այՓոտի մը ընկերակցութեամբ, որուն մէջէն կը հնչեն ծովու ձայներ: Կ՛ըսուի, թէ այս ձայները աւելի թարմ համ մը կու տան ճաշին:
Սակայն ձայնը շատ աւելի լայն միջոցներով օգտագործելու միջոցներ սկսած են կատարելագործուիլ: Կարեւոր ներգործութիւն կրնայ ունենալ երաժշտութեան օգտագործումը` զանց առնելու համար ուտելիքի մը վնաս պատճառող բաղադրիչ տարրերը, առանց զգալի դարձնելու համի տարբերութիւնը:
«Գիտենք, թէ ձայնային ի՛նչ ալիքներ աւելի քաղցրահամ կը դարձնեն ուտելիքները,- կ՛ըսէ Ճոնզ, որ անդամ է Փորձարկուող սննդեղէնի ընկերակցութեան:- Իրողապէս կարելի է պակսեցնել շաքարին քանակը ուտելիքի մը մէջ եւ նոյնքան քաղցր համի մը տպաւորութիւնը ստեղծել` երաժշտութեան օգնութեամբ»:
Ընկերութիւններ սկսած են ուտելիքներու ծրարումին մէջ հետզհետէ աւելի օգտագործել կապը սննդեղէնի եւ ձայնի միջեւ: Չորեղէն արտադրող ընկերութիւն մը փոխած է իր ծրարներուն մէջ օգտագործուող նիւթերը` աւելի շեշտելու համար տոպրակներուն չոր-չոր կտրտուող ձայնը, որպէսզի անոնց պարունակած չոր ուտելիքները աւելի թարմ համի մը տպաւորութիւնը պարգեւեն սպառողներուն: Սննդեղէնի որոշ ծրարներու վրայ գրութիւններ կը յանձնարարեն որոշ երաժշտացանկեր` շեշտելու համար իրենց արտադրութիւններուն համը:
Ճոնզ կ՛ըսէ, թէ ձայնին ներգործութիւնը կ՛օգտագործուի նաեւ առտնին ճերմակ իրերու արտադրութեան մէջ: Այսպէս` ընկերութիւններ սկսած են ուսումնասիրել սառնարաններու մռմռոցը, որովհետեւ որոշ ձայնաստիճան մը կրնայ ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ իրենց սպառած ուտելիքը աւելի թարմ է:
Գիտաշխատանոցներու Մէջ Արտադրուած Միս
Այս տարուան սկիզբը հոլանտացի գիտնականներ յաջող կերպով արտադրեցին «մշակուած միս»: Անոնք աճեցուցին մկաններու հիւսկէններ` օգտագործելով կովերէ առնուած կենսաբանական բջիջներ եւ պատրաստեցին թոդանի (քալամարի) երեւոյթով միսի շերտեր: Անոնք կը յուսան մինչեւ տարեվերջ ստեղծել «փորձառական սրուակի մէջ աճած առաջին պըրկըրը»:
Գիտաշխատանոցի մէջ աճած միսի վերաբերող գիտական առաջին ուսումնասիրութիւնը կատարուած է ՆԱՍԱ-ի նիւթական յատկացումներով, ինչպէս կ՛ըսէ Քարտիֆի համալսարանին մէջ ընկերային գիտութիւններու դասախօս Նիլ Սթիֆընզ: Այս ուսումնասիրութիւնը փորձած է ի յայտ բերել, թէ արդեօք գիտաշխատանոցներու մէջ աճեցուած միսը կարելի՞ է իբրեւ սնունդ տալ անջրպետագնացներու, որպէսզի զայն սպառեն անջրպետին մէջ:
Այնուհետեւ, 10 տարի ետք այս մարզին մէջ աշխատող գիտնականներ այժմ այս տեսակի միսը կը ծանուցեն իբրեւ շատ աւելի արդիւնաւէտ եւ կենսոլորտի պահպանութեան նպաստող տարբերակ մը:
Վերջերս Օքսֆորտ համալսարանին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերաւ, թէ անասուններ սպաննելու փոխարէն` գիտաշխատանոցի մը մէջ միս աճեցնելը նկատառելի կերպով կը պակսեցնէ օզոնի խաւը նօսրացնող կազերու արտանետումը եւ կը խնայէ ուժանիւթի ու ջուրի սպառումը: Այս ձեւի միսի արտադրութեան համար կարիքը կայ նախիրի համար յատկացուած արօտավայրերուն չնչին մէկ համեմատութեան: Աւելի՛ն. կարելի է պատրաստել որեւէ նպատակի ծառայող միս. պակսեցնել անոր ճարպի պարունակութիւնը, աւելցնել սննդանիւթերը եւ այլն:
Մաասթրիխթի համալսարանին մէջ գիտնականներու խումբ մը գլխաւորած մասնագէտ Մարք Փոսթ կ՛ըսէ, թէ կը ձգտի պատրաստել այնպիսի միս մը, որ կարելի չէ զատորոշել իրական սովորական միսէն, սակայն կ՛աւելցնէ, թէ անիկա կրնայ ունենալ բոլորովին տարբեր երեւոյթ: Սթիֆընզ, որ կ՛ուսումնասիրէ գիտաշխատանոցներու մէջ աճեցուած միսին վերաբերող վիճարկութիւնները, կ՛ըսէ, թէ այս մարզին մէջ տակաւին կը շարունակուի քննարկուիլ միսին արտաքին տեսքը:
Ան կը բացատրէ, թէ մարդոց համար դժուար է դիւրութեամբ ընդունիլ նման արտադրութեան մը գաղափարը, որովհետեւ անոր նման ոչինչ գոյութիւն ունի այսօր:
«Պարզապէս այս տեսակի բաներու դասաւորում մը չունինք մեր ապրած աշխարհին մէջ: Չենք գիտեր, թէ ի՛նչ վերաբերում պէտք է ցուցաբերենք անոր նկատմամբ,- կ՛ըսէ Սթիֆընզ:- Ասիկա արմատապէս կը տարբերի իր անցեալով եւ արտադրութեան ձեւով»:
Ինչպէ՞ս Կարելի Է Հեմպըրկըր Պատրաստել
Գիտաշխատանոցին Մէջ
Գործընթացը կ՛անցնի բազմաթիւ հանգրուաններէ: Անիկա կը սկսի անասուններէ առնուած մկաններու հիւսկէններու բջիջով: Մկաններու ամուր բնաթելեր ստեղծելու համար` մկանի մշակուած բջիջները կը շարուին շաքարի մոլեքիւլներու վրայ եւ որոշ ժամանակ մը կը պահուին այսպէս, որպէսզի աճին: Այս գործընթացը մեծ մասամբ տեղի կ՛ունենայ բնական ձեւով: Ժամանակ կը տրուի, որպէսզի բջիջները բազմանան եւ ապա վերածուին մկանի բջիջներու: Ապա անոնք կը կազմեն հիւսկէններ եւ իրարու միանալով` կը ստեղծեն ամուր մասեր: Մինչ մկանին բջիջները կ՛աճին, հիւսկէններուն տեւաբար նոր սնունդ կը ներարկուի: Նոր կազմաւորուող մկաններուն պարագային` այս մէկը տեղի կ՛ունենայ կանոնաւոր կերպով փոխելով աճը խթանող միջոցը: Ապա հարկ է վերստեղծել միսին բաղադրութիւնը` ապահովելով անոր բնասպիտի եւ ճարպի ճիշդ բաղադրութիւնը: Ի Վերջոյ ստացուած միսը կարելի է գործածել իբրեւ յօշած միս եւ` պատրաստել հեմպըրկըր մը:
Լօռ
Թերեւս լօռը կը դասենք սննդեղէնի տեսակներու կարեւորութիւնը ցոյց տուող բաժանումներու վերջաւորութեան, սակայն անիկա կրնայ լուծում մը ապահովել աշխարհի ամէնէն բարդ հարցերուն, ներառեալ` սննդեղէնի տագնապներուն:
Լօռը կրնայ սնուցել մարդիկն ու անասունները: Զայն կարելի է աճեցնել ովկիանոսին մէջ, ինչ որ մեծ խնայողութիւն է հողի ու ջուրի, որոնք հետզհետէ կը պակսին, ինչպէս կ՛ըսեն ուսումնասիրողներ: Բազմաթիւ գիտնականներու համաձայն, լօռէն շինուած կենսավառելանիւթերը (պայոֆիւըլ) կրնան նպաստել, որ նուազի բրածոյ (ֆոսիլ) վառելանիւթերու կարիքը:
Ծովախոտ
Աշխարհի տարածքին գոյութիւն ունին աւելի քան 10 հազար տեսակի ծովախոտեր:
Բրիտանիոյ մէջ գոյութիւն ունին շուրջ 630 տեսակի ծովախոտեր, սակայն միայն 35 տեսակներ կը գործածուին ճաշերու պատրաստութեան մէջ:
Աշխարհի տարածքին կարմիր, սրճագոյն եւ կանաչ ծովախոտերու 145 տեսակներ կը գործածուին ճաշերու մէջ:
Աշխարհի համար բաւարար սննդեղէն արտադրելու վրայ կեդրոնացած ճարտարարուեստի կարգ մը ներկայացուցիչներ կը նախատեսեն, որ լօռի մշակումը պիտի դառնայ ցանքի ամէնէն հզօր ճարտարարուեստը: Երկար ժամանակէ ի վեր անիկա ասիական երկիրներու սնունդի գլխաւոր աղբիւրներէն է: Ճափոնի տարածքին գոյութիւն ունին լօռ մշակելու հսկայական կեդրոններ: Առեւտրական նպատակներով կառուցուած նման կեդրոններ գոյութիւն չունին Բրիտանիոյ տարածքին:
«Նման կեդրոններ կրնան շատ դիւրութեամբ յաջողութիւն գտնել Բրիտանիոյ մէջ:- կ՛ըսէ Ծովախոտերու առողջապահական հիմնարկի տնօրէն Քրէյկ Ռոզ:- Հրաշալի է այն երեւոյթը, որ ծովախոտը կ՛աճի աներեւակայելի արագութեամբ: Անիկա աշխարհի տարածքին ամէնէն արագ աճող բոյսն է: Անոր գործածութիւնը շատ արագ պիտի տարածուի Բրիտանիոյ տարածքին»:
Միջատներուն պէս, ծովախոտը կրնայ ծածուկ մաս կազմել մեր սննդականոնին: Շեֆիլտ Հալլամ համալսարանէն գիտնականներ ծովախոտի փշրանքներ օգտագործած են իբրեւ աղ` հացերու եւ զանազան գործընթացներէ անցած սննդեղէնի պատրաստութեան մէջ: Ծովախոտի փշրանքը ունի թունդ համ մը, սակայն կը պարունակէ նուազ քանակութեամբ աղ, որ կը բարձրացնէ արեան ճնշումը, պատճառ կը դառնայ կաթուածներու եւ կանխահաս մահուան: Գիտնականները համոզուած են, թէ ծովախոտի փշրանքները կրնան փոխարինել հանրախանութներու մէջ վաճառուող պատրաստ ճաշերուն, երշիկներուն եւ նոյնիսկ պանիրներուն մէջ գործածուած աղը:
«Ծովախոտը բազմաթիւ ծառայութիւններ ունի,- կ՛ըսէ Կէյ:- Անոր յատկութիւնները մեծ մասամբ նոր է, որ կը հետազօտուին: Անիկա այնպիսի հսկայական աղբիւր մըն է, որ իրականութեան մէջ տակաւին չենք պեղած»:
Աշխարհի տարածքին գոյութիւն ունին աւելի քան 10 հազար ծովախոտի տեսակներ: Միայն 630 տեսակ կարելի է գտնել Բրիտանիոյ տարածքին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին համը շատ տարբեր է», կ՛ըսէ Ռոզ:






