Իրաքի Տարածքին Իրերայաջորդ Պայթումներ

Երէկ Իրաքի տարածքին աւելի քան 16 ահաբեկչական գործողութիւններ տեղի ունեցան: Տուժել քաղաքի ռազմակայանին դէմ կատարուած գործողութիւն մը 11 զոհ խլեց: Քերքուքի մօտ տեղի ունեցած պայթում մը պատճառեց 7 զոհ` հիմնականին մէջ իրաքեան բանակէն զինուորներ:

Պայթում տեղի ունեցաւ Նասիրիա քաղաքի ֆրանսական հիւպատոսարանին մօտ, ուր վիրաւորներ արձանագրուեցան:

Մայրաքաղաք Պաղտատէն հարաւ գտնուող Ամարա քաղաքին մէջ իրերայաջորդ երկու ականահարումներ 30 զոհ պատճառեցին:

Պայթումներ տեղի ունեցան նաեւ Սամարրա, Պասրա եւ Թուզ-Հրումաթու քաղաքներուն մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )