«Ռուսիոյ Հետ Սուրիոյ Շուրջ Գոյութիւն Ունին Տարակարծութիւններ, Որոնք Կրնան Շարունակուիլ» Ըսաւ Քլինթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, որ Ռուսիոյ հետ Սուրիոյ շուրջ գոյութիւն ունին տարակարծութիւններ, որոնք կրնան շարունակուիլ: Ան ըսաւ, որ Ռուսիոյ փոխանցած է, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած «ոչ պարտադիր» որոշում մը անիմաստ է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապի լուծումը միջնորդութեան գոյութիւն ունեցող, մասնաւորաբար ՄԱԿ-ի ունեցած մեքանիզմներուն ճամբով քաղաքական երկխօսութիւն մը կը պահանջէ, փոխան տագնապի կողմերէն մէկուն ուղղուած ամբաստանութիւններու: Ան աւելցուց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը շատ լաւ գիտէ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ անոր անդամներուն Սուրիոյ տագնապի քննարկման ձեւին դրդապատճառները:

Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ իր կարգին Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի անդամ Մահմուտ Զահհարի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ տագնապի լուծման համար պէտք է փոխհասկացողութեան եւ բարեկամական միջոցներ կիրարկել, որպէսզի սուրիացի ժողովուրդը կարենայ ազատ ընտրութիւններու մասնակցիլ:

Մինչ այդ, Անգարայի մէջ Արաբական լիկայի ներկայացուցիչ Մոհամետ Ֆաթեհ յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի ստեղծումը կենսական է»` քննադատելով Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ մէջ մարդասիրական տագնապին նկատմամբ լուռ մնալու համար:

Խօսելով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Ախտար Իպրահիմիի առաքելութեան մասին` Ֆաթեհ ըսաւ, որ «այս առաքելութիւնը շատ դժուար է, թէեւ ոչ անկարելի»` նշելով, որ Միացեալ Նահանգներու համար յառաջիկայ նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութենէն ետք Սուրիոյ վերաբերեալ որոշում մը որդեգրելը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ:

Միւս կողմէ, իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր սուրիացիներ Դիմատետրի ճամբով կոչ ուղղեցին շաբաթ օր նստացոյց մը կազմակերպելու` «բոլոր կողմերէն անմիջական զինադադար եւ օրէնքի կիրարկում» պահանջելու համար, սակայն առանց նստացոյցի վայրը ճշդելու: Անոնք յայտարարեցին, որ իրենց նախաձեռնութիւնը «խաղաղ» պիտի ըլլայ:

 

Share this Article
CATEGORIES