Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Ֆինլանտայի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Թուոմիոյա եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էրքի Թուոմիոյան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆինլանտայի դեսպան Հերի Մաքի Ռենիքան եւ այլ պատասխանատուներ:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Թուոմիոյայի` Լիբանանի նկատմամբ Ֆինլանտայի ցուցաբերած զօրակցութեան համար եւ դրուատեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն Ֆինլանտայի մասնակցութիւնը:

Իր կարգին, ֆինլանտացի նախարարը դրուատեց վարչապետ Միքաթիի կեցուածքը` Լիբանանը շրջակայ երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն նկատմամբ չէզոք պահելու առումով:

Թուոմիոյա նշեց, որ ինք այսօր պիտի այցելէ հարաւային Լիբանան, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայացուցիչներուն հետ եւ   պիտի ստուգէ ֆինլանտական զօրամասին դիրքերը: Ան յայտնեց, որ Ֆինլանտա կը մտածէ Լիբանանի մէջ գտնուող իր զինուորական ջոկատին անդամներուն թուաքանակը աւելցնել, որովհետեւ ան կը զօրակցի խաղաղութիւն  հաստատելու եւ տագնապներ լուծելու ՄԱԿ-ի ջանքերուն:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի նախագահեց նաեւ ապահովական կարգ մը նիստերու, որոնց լոյսին տակ քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող ապահովական իրավիճակն ու Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ տիրող իրադարձութիւնները:

Նիստերուն ընթացքին վարչապետ Միքաթի կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան  ուժերուն` երկրին ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու իմաստով:

Միքաթի հաստատեց, որ ապահովական կառոյցները երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով ոչ մէկ թերացում պիտի արձանագրեն:

Նշենք, որ շաբաթավերջին վարչապետ Միքաթի հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ շաբաթ, 15 սեպտեմբերին, լիբանանեան պետական  հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան` Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութեան առիթով:

Share this Article
CATEGORIES