Տիւրզիներու Համայնքային Խորհուրդի Ընտրութիւններ
Երէկ տեղի ունեցան տիւրզիներու համայնքային խորհուրդի ընտրութիւններ, որոնք ընթացան ժողովրդավարական եւ խաղաղ մթնոլորտի մէջ:
Տիւրզի համայնքի տան մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն չմասնակցեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` հիմնուելով անոր ղեկավարին, Թալալ Արսլանի կեցուածքին վրայ, մինչդեռ ընտրութիւններուն մասնակցեցան Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնն ու Թաուհիտ հոսանքը:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ ինք կը փափաքէր, որ բոլոր կողմերը մասնակցէին ընտրութիւններուն, որովհետեւ այդ ընտրութեանց հիմնական նպատակը տիւրզի համայնքի միասնականութիւնն է:
CATEGORIES Լիբանանեան

