Ռայի Պատրիարքը Կը Շեշտէ Պապին Այցելութեան Կարեւորութիւնը, Իսկ Վատիկան Կը Հաստատէ Այդ Այցելութեան Կայացումը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Շուֆ կատարած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին երէկ Ֆուարայի Ս. Անտոնիոս եկեղեցւոյ  մէջ մատուցեց կիրակի օրուան Ս. պատարագը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ շրջանին մէջ  ապրող քրիստոնեայ ժողովուրդները չեն կրնար  մոռնալ, թէ մկրտութեամբ իրենց փոխանցուած ինքնութիւնը զանոնք վերածած է Լիբանանի եւ Միջին  Արեւելքի մէջ պատգամ  մը ունեցող ժողովուրդներու:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին կողմէ ստորագրուելիք Առաքելական յորդորակը        պիտի կրէ «Համագործակցութիւն եւ վկայութիւն» կարգախօսը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ ան պիտի բացայայտէ պատասխանատուութիւններն ու մարտահրաւէրները, որոնք կ՛ուղղեն դէպի գարուն:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց յաջողցնելու Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութիւնը` աւելցնելով, որ Ս. Անտոնիոս եկեղեցւոյ օծումին առիթով ինք կոչ կ՛ուղղէ հաւատացեալներուն զօրացնելու իրենց հաւատքը:

Ռայի պատրիարքը  բարձր գնահատեց նաեւ այն, որ 1993-ին տուն դարձած գաղթական լիբանանցիները յաջողած են կառուցել այս եկեղեցին:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Մուխթարայի պալատը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան  Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ  ողջունեց Ռայի պատրիարքին կատարած այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր ի գործ դրած ջանքերը` ի խնդիր լիբանանեան ազգային համերաշխութեան պահպանումին:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Պրիհ գիւղաքաղաքը բոլորին սրտին ցաւն է, եւ յոյս յայտնեց, որ այդ գիւղաքաղաքին մէջ նաեւ կարելի ըլլայ ամբողջացնել հաշտութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը գնահատեց Ժոմպլաթի ճիգերը:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Շուֆ կատարած իր այցելութեան նպատակն է շարունակել հաշտութեան հոլովոյթը` այդ շրջանին բոլոր բնակիչներուն միջեւ:

«Հաշտութիւնը մեր եւ ձեր պատգամն է, եւ ես յանձնառու կը մնամ օժանդակելու ձեր ջանքերուն` մինչեւ այդ հաշտութեան ամբողջացումը», ըսաւ Ռայի պատրիարքը, աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է գաղթականներուն նիւթաբարոյական օժանդակութիւն տրամադրել:

Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ մշակուի ընտրական նոր օրէնք մը, որ կ՛արտօնէ քաղաքացիներուն ու գաղթականներուն ընտրելու եւ հաշուետուութեան կանչելու իրենց ներկայացուցիչները:

Միւս կողմէ, Պենետիկտոս ԺԶ. պապը երէկուան իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ ինք ուրախ է լիբանանցի ժողովուրդին եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն իր կատարելիք այցելութեամբ, որ պիտի կատարուի յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբերին:

Պապը շեշտեց, որ Լիբանան եւ անոր ընդմէջէն Միջին Արեւելք իր կատարելիք այցելութիւնը պիտի կատարուի խաղաղութեան կարգախօսին հիման վրայ:

Ան աւելցուց, որ ինք յանձնառու է Լիբանանի ազգային երկխօսութեան եւ լիբանանցիներուն միջեւ ծրագրուած հաշտութիւններուն, որոնք պէտք է առաջնահերթ ըլլան:

Պապը նշեց, որ ինք կը բաժնէ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն ցաւերը` երկխօսութեան կոչ ուղղելով բոլորին եւ շեշտելով, որ անիկա է միակ միջոցը շրջանին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը ամրապնդելու:

Նշենք, որ Վատիկանի բանբեր հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի յայտնեց, որ Պենետիկտոս  ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութիւնը քաջ եւ յուսալի քայլ մըն է:

Share this Article
CATEGORIES