Տեսակէտ. Շատ Չխանդավառուինք, Որպէսզի Յուսախաբ Չըլլանք

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«ՄԻԿնիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ,որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ հետախուզութիւն կատարելու պարտականութիւնը ստանձնած նորվեկիական «Սփեքթրում» ընկերութեան տնօրէն Տէյվիտ Ռուլանտս յայտնած է, որ լիբանանեան ափերուն մօտ գտնուող բնական կազի հանքավայրերու ծաւալը կրնայ գերազանցել Կիպրոսի, Սուրիոյ եւ Իսրայէլի հանքավայրերու ծաւալը:

«Սփեքթրում»-ի հաւաքագրած տուեալներուն մշակումը կ՛աւարտի յունուար 2013-ին: Ըստ նախատեսութեանց, լիբանանեան աւազանը կրնայ 3.5 եռիլիոն խոռանարդ մեթր կազ եւ մինչեւ 1.7 միլիառ տակառ քարիւղ պարունակել: Հետաքրքրական նախատեսութիւն մը, որ ուժանիւթի պակասի սուր տագնապէ տառապող Լիբանանի համար փրկութիւն մը կրնայ ըլլալ, եթէ այս բազմաչարչար երկրին ղեկավարութիւնը այս հարցին նկատմամբ անհրաժեշտ մօտեցումը ցուցաբերէ: Սակայն երկրին ղեկավար դասակարգը զբաղած է հատուածական, յաճախ ճղճիմ, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն վերաբերող հարցերով: Անոնք իրենց հատուածական եւ անձնական նեղ շահերը աւելի կենսական կը նկատեն, քան երկրին ընդհանուր շահերը, որոնց  մասին գեղեցիկ եւ հնչեղ ճառեր կը խօսին, սակայն ամէն օր անոնց դէմ կը մեղանչեն: Ահա թէ ինչու անոնք անկարող են հարցերը իրարմէ անջատելու եւ առարկայական կերպով քննարկելու:

Պատուելի Ու.Մ.Թոմսըն 1870-ին Լոնտոնի մէջ լոյս տեսած իր «Հողը եւ գիրքը» խորագիրը կրող գիրքին մէջ նկարագրելով Լիբանանի կացութիւնը դիպուկ կերպով կը նշէ, որ «կ՛ենթադրեմ, որ աշխարհի վրայ չկայ այլ երկիր մը, որ իրարու դէմ հակամարտող այսպիսի ցեղերու բազմութիւն մը ունի, եւ ճիշդ այս կէտին մէջ կը կայանայ անոնց պայմաններուն, նկարագիրին եւ հեռանկարներուն որեւէ ընդհանուր եւ մնայուն բարելաւման մեծագոյն արգելքը»:

Ան չորս գլուխներէ եւ 614 էջերէ բաղկացած իր գիրքին մէջ նաեւ կը կատարէ հետեւեալ նախատեսումը. «Անոնք երբեք չեն կրնար մէկ ու միացեալ ժողովուրդ ըլլալ, երբեք չեն կրնար միանալ կրօնական կամ քաղաքական որեւէ կարեւոր նպատակի շուրջ, հետեւաբար պիտի մնան տկար, ինքնակառավարման անկարող եւ օտարներու ներխուժումին ու ճնշումին ենթակայ: Ան այսպէս եղած է, է եւ երկար ատեն պիտի շարունակէ ըլլալ` մասնատուած ժողովուրդ մը, անմիաբան ու ոտնակոխ»:

Որքան ճշմարիտ եւ այժմէական կը հնչեն անոր խօսքերը: 1870-էն 2012 ոչինչ փոխուած է: Նոյն ոլորապտոյտն է, ախտը եւ անյուսալի տեղքայլը: Ինչ օգուտ, թէ լիբանանեան ափերուն մօտ գտնուող բնական կազի հանքավայրերու ծաւալը կրնայ գերազանցել Կիպրոսի, Սուրիոյ եւ Իսրայէլի հանքավայրերու ծաւալը: Մինչեւ անձրեւը գայ, գորտին աչքերը դուրս կ՛իյնան… Լիբանանէն այլ երկիր մը, արդէն իսկ իր բնական հարստութենէն օգտուելու գործնական քայլերու դիմած պիտի ըլլար, սակայն մեր պետութեան պարագային նուազագոյն եւ ամէնէն պարզ հարցն իսկ կրիայի քայլերով, հազարումէկ բարդութիւններով, ձգձգումներով եւ պարանաձգութեամբ կը լուծուի, իբրեւ արդիւնք կենսական ժամանակի կորուստ եւ իմաստազրկում տեղի կ՛ունենայ: Վկայ յունուար 2012-ին որդեգրուած ամսականներու յաւելման ծրագիրին ոդիսականն ու անոր արդիւնքը: Անսանձ սղաճին լոյսին տակ, անիկա որդեգրուելէն առաջ իսկ անարժէք դարձաւ, ուստի ոչինչով բարելաւեց աւազախրումէն դուրս գալու համար յուսահատ պայքար մղող եւ հանապազօրեայ հացին ծանրութեան տակ կքող քաղաքացիին կացութիւնը:

Ուստի շատ չխանդավառուինք, որպէսզի անգամ մը եւս յուսախաբ չըլլանք:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )