Շնորհաւորագիր

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը յանուն ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, կու գայ շնորհաւորելու Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականը, որ պատուական յաղթանակ արձանագրեց Ճատրակի միջազգային 40-րդ ողիմպիականին: Աշխարհի տարածքին իւրաքանչիւր հայ այսօր հպարտ է զինք ներկայացնող Լեւոն Արոնեանով, Վլատիմիր Յակոբեանով, Սերկէյ Մովսիսեանով, Գաբրիէլ Սարգսեանով եւ Տիգրան Պետրոսեանով, որոնք յաջողեցան անպարտելի նկատուող խումբեր պարտութեան մատնել` շնորհիւ հայու սրատես նայուածքներուն եւ հնարամիտ միտքին:

Այս առիթով մեր լաւագոյն մաղթանքները կ՛ուղղենք հայրենի իշխանութեանց, որոնք իրենց կարգին ոչինչ կը խնայեն բոլոր մարզերուն մէջ հայու ճակտին հիւսելու արժանաւոր դափնեպսակներ:

ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 10 սեպտեմբեր 2012

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )