2014-ի Մոնտիալ. Ասիոյ Գօտի. Այսօր` Լիբանան-Իրան

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 11 սեպտեմբերին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը կը հիւրընկալէ Իրանը:

Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ նոյն խմբակին մաս կազմող Ուզպեքիստան կը ճակատի հարաւային Քորէայի դէմ:

Այսօր տեղի կ՛ունենայ նաեւ Ճափոն-Իրաք մրցումը (Բ. խմբակ), իսկ վաղը` չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբերին, Բ. խմբակին մաս կազմող Յորդանան եւ Աւստրալիա դէմ յանդիման կու գան իրարու դէմ:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի կատարելիք այսօրուան մրցումին, անիկա տեղի պիտի ունենայ Մարզական աւանին մէջ եւ պիտի սկսի ժամը 17:00-ին:

Տեղի ունենալիք այս մրցումին նախօրեակին, երէկ կէսօրին երկու խումբերուն մարզիկներն ու խմբապետները տուին մամլոյ ասուլիս մը` խօսելով իրենց կատարած փորձերուն եւ կիրարկելիք մարտավարութեան մասին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )