Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պարգեւատրեց Ախոյեանները
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ միւենոյն ժամանակ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին նախագահն է, երէկ` երկուշաբթի, 10 սեպտեմբերին, հրամանագիրներ ստորագրելով պարգեւատրեց 2012-ի Ճատրակի միջազգային ողիմպիականին ախոյեան հանդիսացած Հայաստանի տղոց հաւաքականը:
Հայաստանի տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ միջազգային կրանտմասթըր Արշակ Պետրոսեան եւ միջազգային կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան պարգեւատրուեցան Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով, իսկ պատուոյ շքանշանով պարգեւատրուեցան միջազգային կրանտմասթըրներ Վլատիմիր Յակոբեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Տիգրան Պետրոսեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան:
Այլ հրամանագիրով մը նախագահ Սարգսեան Ա. կարգի մետալով պարգեւատրեց Տ. Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան տնօրէն Հրաչիկ Թաւադեանը` Հայաստանի մէջ ճատրակի զարգացումը խթանելու եւ հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար:
Իսկ Բ. կարգի մետալ ստացաւ Արմէն Աղուզումցեան` ճատրակի մարզին մէջ հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տղոց հաւաքականին արձանագրած փայլուն յաղթանակին մեծապէս նպաստելուն համար:

