Թենիս. Եու. Էս. Օփըն. Սերենա Ուիլիըմզ Տիրացաւ Տիտղոսին. Այսօր` Տիոքովիչ – Միւրէյ Աւարտական
Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի աւարտական մրցումին, 4-րդ դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ տիրացաւ տիտղոսին` 6 – 2, 2 – 6 եւ 7 – 5
արդիւնքով յաղթելէ ետք թիւ 1 դասուած Վիքթորիա Ազարենքայի (Պիելոռուսիա):
Այսպիսով, 2 ժամ եւ 15 վայրկեան տեւած մրցումէ մը ետք, ամերիկացին իր 15-րդ տարուան արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացաւ իր չորրորդ տիտղոսին` Ֆլաշինկ Մետովզի մէջ:
Սերենա Ուիլիըմզ այսպիսով լաւ նուէր մը ստացաւ իր ծննդեան 31-րդ տարեդարձին նախօրեակին, զոր պիտի տօնէ քանի մը շաբաթ ետք:
Ինչ կը վերաբերի տղոց աւարտականին, անոր ընթացքին այսօր իրարու դէմ պիտի ճակատին Նովաք Տիոքովիչ (Սերպիա, 2-րդ) եւ Էնտի Միւրէյ (Անգլիա, 3-րդ):
Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար երէկ, սակայն կլիմայական աննպաստ պայմաններուն պատճառով անիկա յետաձգուեցաւ:
Կիսաւարտականի մրցումներուն Միւրէյ յաղթեց 6-րդ դասուած չեխ Թոմաս Պերտիչի (5 – 7, 6 – 2, 6 – 1 եւ 7 – 6), իսկ Տիոքովիչ` 4-րդ դասուած սպանացի Տաւիտ Ֆերերի (2 – 6 , 6 – 1, 6 – 4 եւ 6 – 2):


