Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Սարայեւօ
Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Սարայեւօ` մասնակցելու միջազգային միջկրօնական համագումարի մը: Վեհափառ հայրապետը հրաւիրուած է խօսք առնելու յիշեալ համագումարին: Վեհափառին կ՛ընկերանայ Միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան:
Վեհափառ հայրապետը Անթիլիաս պիտի վերադառնայ երկուշաբթի, 17 սեպտեմբերին:
CATEGORIES Գաղութային