Պոլսոյ Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն

Պոլսոյ մէջ ոստիկանատան մը մօտ երէկ տեղի ունեցաւ անձնասպանական գործողութիւն մը, որուն հեղինակը նախ ձեռնառումբ մը նետեց ոստիկանատան վրայ, ապա ինքզինք պայթեցուց: Ըստ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, արձանագրուած է զոհ մը եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:

Գործողութիւնը տեղի ունեցած է Սուլթանկազի թաղամասին մէջ: Գործողութեան պատճառով թաղամասին մէջ կեանքը կաթուածահար եղած է:

Share this Article
CATEGORIES