Կարէն Բարսեղեան Նշանակուեցաւ Ուլիսի Գլխաւոր Մարզիչ
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Ուլիսի գործադիր տնօրէն Գագիկ Գալստեան երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Կարէն Բարսեղեան նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ:
Նշենք, որ Բարսեղեան ստանձնեց Սեւատա Արզումանեանի պաշտօնը: Անոր տուած հրաժարականէն ետք, Բարսեղեան կը կատարէր մարզիչի պաշտօնակատարի պարտականութիւնները:
Նախորդ տարեշրջանի ախոյեան Ուլիս, այժմ 21-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 20 կէտով կը գրաւէ 6-րդ դիրքը: Անիկա 15 սեպտեմբերին պիտի մրցի Փիւնիկի դէմ:
CATEGORIES Մարզական

