Թենիս. Եու. Էս. Օփըն-Ի Մրցաշարք. Միւրէյ Վերջ Մը Դրաւ Անգլիոյ Բաւական Երկար Տարիներու Սպասումին

Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցող թենիսի Եու. Էս. Օփըն-ի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական մրցումը` տիտղոսակիր Նովաք Տիոքովիչի (Սերպիա, 2-րդ) եւ 2012-ի ողիմպիականի ախոյեան անգլիացի Էնտի Միւրէյի միջեւ (3-րդ):

25 տարեկան Միւրէյ եկաւ վերջ մը դնելու Անգլիոյ բաւական երկար տարիներու սպասումին, երբ տիրացաւ տիտղոսին` արձանագրելով 7 – 6, 7 – 5, 2 – 6, 3 – 6 եւ 6 – 2 արդիւնքով յաղթանակ մը, մարաթոն տեւած մրցումէ մը ետք: Ան չորս այլ առիթներով հասած էր կրան շլեմի աւարտականին` առանց սակայն տիտղոսին տիրանալ կարենալու:

Ինչ կը վերաբերի Անգլիոյ բաւական երկար տեւած սպասումին, Միւրէյ յաջողեցաւ կատարել ձեւով մըն ալ պատմական իրագործում մը իր հայրենիքին համար` նկատի ունենալով, որ Ֆրետ Փերի հանդիսացած էր վերջին անգլիացին, որ 1936-ին, տիրացած էր կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի մը տիտղոսին:

Նշենք, որ այս տարի տեղի ունեցած Ուիմպըլտընի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին, Միւրէյ Պանի Օսթինէն ետք (1938) հանդիսացած էր առաջին անգլիացին, որ հասած էր անոր աւարտականին, սակայն չէր յաջողած տիրանալ տիտղոսին:

 

Share this Article
CATEGORIES