Յառաջիկայ 1 – 26 Հոկտեմբերին «Քլաս Սփոր»-ի Տարեկան 5-րդ Ֆութպոլի Մրցաշարքը

Կազմակերպութեամբ «Քլաս Սփոր»-ի եւ գործակցութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ի յառաջիկայ 1 – 26 հոկտեմբերին տեղի կ՛ունենայ տարեկան 5-րդ ֆութպոլի մրցաշարքը` «Հուլիկանզ» համալիրին մէջ (Սին Էլ Ֆիլ):

Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տարբեր ընկերութիւններու եւ հաստատութիւններու 32 խումբեր: Անոնք բաժնուած պիտի ըլլան ութ խմբակներու: Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւողները պիտի ապահովեն Բ. հանգրուանի իրենց տոմսերը:

Կազմակերպիչները տեղի ունեցած վիճակաձգութենէն ետք յայտարարեցին ըսելով, որ աւարտական մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի տեղական պատկերասփիւռի կայաններէն մէկէն:

Share this Article
CATEGORIES