Գաղութէ – Գաղութ

Պոլիս

Հայ Նկարիչներու Մասնակցութեամբ
Խառն Ցուցահանդէս

 

Կղզիներու Մշակոյթի միութեան կողմէ, Մեծ Կղզիին մէջ ամէն տարի ամառնային շրջանին կը կազմակերպուին մշակոյթի եւ արուեստի ձեռնարկներ, որոնք աւանդական ձեւ ստացած են:

Այս ձեռնարկներէն վերջինն էր «Կղզեցի նկարիչներ» ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ 2 հանգրուանով` 25 օգոստոսին եւ 1 սեպտեմբերին, եւ որուն այս տարի մասնակցեցան 43 կղզեցի նկարիչներ, որոնցմէ 10-ը հայեր էին` Իտա Գահրաման, Ժանին Փափազեան, Պերճուհի Պէրպէրեան, Նատիա Էօզպըյըքլեան, Արուս Էօզֆուրունճու, Վերժին Շապճը, Թաթիանա Չելիքթոփ, Նատիա Կարագեան, Հայկան Քըլըճճան եւ Ռուբէն Էրոլ Քիւրքճիւօղլու:

 

Յունաստան

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Անկախութեան  21-Ամեակի Նշում

Հովանաւորութեամբ յունահայոց թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեանի,  կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին,   համագործակցութեամբ Փիրէայի մէջ փոքրիկներու հոգատարութեան «Խածիքիրիաքիօ» հաստատութեան, 3 սեպտեմբերին յիշեալ հաստատութեան մէջ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 21-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Խածիքիրիաքիօ» հաստատութեան տնօրէնուհի  Անասթասիա Քացիլիէրի, որ նշեց,  թէ 2007-ին Արցախի փոքրիկները   Յունաստանի մէջ հիւրասիրող ծրագրին միացաւ իրենց հաստատութիւնը եւ անոնք ամէն տարի կը ժամանեն Փիրէա, կը հիւրասիրուին հաստատութեան մէջ եւ գուրգուրանքը կը վայելեն «Խածիքիրիաքիօ»-ի նուիրեալ պաշտօնէութեան: Ան նշեց, թէ այս տարի իրենք ստանձնեցին կեցութեան լման ժամանակաշրջանը: Արցախէն 22 երեխաները բազմանդամ կամ հաշմանդամ ընտանիքներու զաւակներ են, զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներ, ինչպէս նաեւ` իրենց ուսման մէջ առաջնակարգ աշակերտներ: Տնօրէնուհին նշեց, որ իրենց հաստատութիւնը կը համագործակցի Արցախի մէջ «Զանգակ» եւ «Զատիկ» մանկական հոգատարութեան երկու հաստատութիւններուն հետ` աւելցնելով, որ Արցախի եւ Յունաստանի միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ համագործակցութեան բարձր տրամադրութեան զգացումներ գոյութիւն ունին:

Յաջորդաբար խօսք առին Սիրոս-Էրմուփոլիսի քաղաքապետ Եանիս Տեքաւալաս, որ անդրադարձաւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ 1996-էն ի վեր սկսած ծրագրին, որ առիթը կու տայ Արցախի տարբեր քաղաքներէ  9-15 տարեկան փոքրիկներու 15-օրեայ արձակուրդի շրջան մը անցընելու Սիրոս կղզիին մէջ, «Խածիքիրիաքիօ» հաստատութեան նախագահ Միխալիս Սթրուպուլիս, որ խօսեցաւ հայ-յոյն դարաւոր բարեկամութեան մասին` դիտել տալով, թէ յատկապէս կրօնը եւ մշակոյթն են երկու բարեկամ ազգերը միացնող ազդակները, ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Խաչիկ Խաչատուրեան, որ ամփոփ պատմականը կատարեց Արցախէն Յունաստան ժամանող փոքրիկներու այցելութեան ծրագրին` նշելով, թէ ծրագրի սկիզբէն աւելի քան 320 պատանիներ հիւրասիրուած են Սիրոսի մէջ: Ան աւելցուց, թէ անցնող 17 տարիներուն ընթացքին Արցախի եւ Սիրոսի ու Փիրէայի մէջ բարեկամութեան, իրերօգնութեան եւ մշակոյթի զարգացման կամուրջ մը հաստատուած է շնորհիւ այս ծրագրին:

ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Դաւիթ Պետրոսեան խօսք առնելով` շնորհակալութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան աջակցած բոլոր կողմերուն, որմէ ետք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատուոյ մետալով պարգեւատրուեցան` ա) Սիրոս-Էրմուփոլիսի քաղաքապետութիւնը եւ Սիրոսի ժողովուրդը,  որուն մետալը ստանձնեց քաղաքապետ Եանիս Տեքաւալաս.  բ) «Խածիքիրիաքիօ» հաստատութեան ղեկավար մարմինը, որուն մետալը ստանձնեց նախագահ Միխալիս Սթրուպուլիս. գ) «Խածիքիրիաքիօ» հաստատութեան տնօրէնուհի Անասթասիա Քացիլիէրի. դ) «Խածիքիրիաքիօ» հաստատութեան ընկերային բաժանմունքի պատասխանատու Էւա Քալիմնիու:

Սրբազանը իր հայրական խօսքը ուղղելով  ներկաներուն` համոզում յայտնեց, թէ երկար տարիներ պիտի շարունակուի իրագործուիլ բոլորին ոգեշնչող այցելութիւններու շարքը:

Ան իր խօսքը ուղղելով Արցախի փոքրիկներուն` հաստատեց, թէ Արցախը այն հողն է, որ աշխարհի վրայ տարածուած եւ ցրուած հայերը իրարու կը միացնէ, աւելցնելով, որ Արցախը մեր բոլորին հպարտութեան կանչն է, մեր ինքնութիւնը կերտող, մեր նկարագիրը կազմող երկիրն է:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Պուլկարիա

Պուլկարահայոց Թեմի Հիմնադրման
145-
Ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով

3 սեպտեմբերին Սոֆիայի Զինուորական պալատի սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ պուլկարահայոց թեմի հիմնադրման 145-ամեակին նուիրուած  գիտաժողով:

Խօսքեր արտասանեցին պուլկարահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ  Աբգար վրդ. Յովակիմեան, Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Պուլկարիոյ մէջ  Հայաստանի դեսպան Արսէն Սհոյեան:

Ներկայացուած զեկոյցներով անդրադարձ կատարուեցաւ պուլկարահայ համայնքի յառաջացման, Պալքաններուն մէջ հայկական ներկայութեան, պուլկարահայոց թեմի հիմնադրման նախադրեալներուն, Պուլկարիոյ եւ պուլկար ժողովուրդի հասարակական,  քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ հայ համայնքի դերակատարութեան, հայ-պուլկարական յարաբերութիւններու առանձնայատկութիւններուն:

Գիտաժողովի աւարտին մասնակիցները այցելեցին Սոֆիայի Ս. Աստուածածին եկեղեցի:

 

Միացեալ Նահանգներ

Լեզուաբան Փրոֆ. Արտեմ Սարգիսեանին
Նուիրուած Մեծարանքի Երեկոյ

28 օգոստոսին առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած բազմավաստակ լեզուաբան փրոֆ. Արտեմ Սարգիսեանի ծննդեան 70-ամեակին:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար, «Արփա» հիմնարկի տնօրէն Յակոբ Փանոսեան, որ կարդաց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորական նամակը: Ապա առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան իր սրտի խօսքէն ետք կարդաց առաջնորդին շնորհաւորական նամակը:

Յոբելեարին կենսագրականը կարդաց «Նոր Օր» թերթի խմբագիր, տոքթ. Մինաս Գոճայեան, որ վեր առաւ  անոր կեանքի բազմաբեղուն գործունէութիւնը: Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան յոբելեարին կինը` Ալինա Խաչատուրեան, թոռնիկը` Ալինա Սարգիսեան, երեք երգերով հանդէս եկաւ վաստակաւոր երգիչ Ռազմիկ Մանսուրեան: Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ յոբելեարը:

Րաֆֆի Մանուկեան Կը Միանայ
«
Ամերիա» Խմբակին

Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ նախկին քաղաքապետ Րաֆֆի Մանուկեան վերջերս միացաւ Հայաստանի առաջնակարգ խորհրդատուական եւ ելեւմտական սպասարկութիւններու «Ամերիա» խմբակին` դառնալով անոր Կլենտէյլի մասնաճիւղին գլխաւոր տնօրէնը:

Րաֆֆի Մանուկեան ողջունեց այն իրողութիւնը, որ «Ամերիա» խմբակը իր աշխատանքի ցանցը ընդարձակած է եւ գործունէութիւն սկսած է ծաւալելու նաեւ Հայաստանէն դուրս, որուն շնորհիւ ամերիկահայերը Հայաստանի մէջ աւելի դիւրութեամբ պիտի կարենան ներդրումներ կատարել` նպաստելով Հայաստանի բարգաւաճման: Ան «Ամերիա»-ն կը նկատէ սփիւռքահայութեան եւ Հայաստանի մէջ գործարարական կարելիութեանց միջեւ կարեւոր կամուրջ մը:

Գործարարական ճիւղին մէջ մագիստրոսի տիտղոսին արժանացած Րաֆֆի Մանուկեան ամերիկահայ համայնքին մէջ իր քաղաքական աշխուժութեան շնորհիւ նաեւ արժանացած է «Էլիս Այլընտ» շքանշանին:

«Ամերիա» խմբակի գլխաւոր տնօրէն Էնտրու Մկրտիչեան յայտնեց, թէ ամերիկահայ գործարար շրջանակներու մէջ Րաֆֆի Մանուկեանի ունեցած փորձառութիւնը` իբրեւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ հաշուապահ, զայն կը դարձնէ կատարեալ թեկնածու` Ամերիկայի միջոցով Հայաստանի ու սփիւռքի միջեւ արհեստավարժներու կամուրջը ամրապնդելու գործին: Ան նկատել տուաւ, որ մինչ Մանուկեան ծանօթ է համայնքին եւ անոր կարիքներուն, «Ամերիա»-ն Հայաստանի մէջ այդ կարիքներուն գոհացում տալու միջոցներուն եւ ընդհանրապէս Հայաստանի գործարարական ու ելեւմտական աշխարհին մօտէն ծանօթ է` շնորհիւ իր խորհրդատուական լայնատարած ցանցին ու փորձառութեան, եւ արդէն իսկ վստահելի գործակից մը եղած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, Համաշխարհային դրամատան, ՄԱԿ-ին ու այլ կազմակերպութիւններու:

Հայերէն Առաջին Գիրքի Տպագրութեան
500-
ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Հայերէն առաջին գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ընթացք տալու նպատակով առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան նշանակած է յանձնախումբ մը, որուն անդամներն են` Հայկ Մատոյեան (ատենապետ), տոքթ. Մինաս Գոճայեան, Լորա Գույումճեան, Հրաչ Սեփեթճեան, Մաշտոց Չոպանեան, Վահէ Սարգսեան եւ Ալենուշ Եղնազար:

Յանձնախումբը նախաձեռնած է հետեւեալ ծրագիրներուն.

ա) «Ուրբաթագիրք»-ի վերածումը արեւելահայերէնի եւ յոբելենական հրատարակութիւն. բ) Հրատարակել 500-ամեակին նուիրուած հատոր մը, որուն մէջ իրենց հայերէն կամ անգլերէն գրութիւններով մասնակցելու հրաւիրուած են նաեւ վարժարաններու աշակերտները: Աշակերտներ իրենց ստեղծագործական գրութիւնները պիտի շարադրեն Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ: Մասնակցութեան հրաւիրուած են հայկական կամ պետական բոլոր երկրորդական վարժարաններու աշակերտները: Լաւագոյն շարադրութիւնները պիտի ընտրուին ուսուցիչներէ կազմուած դատակազմի մը կողմէ եւ որպէս գնահատանք` գրութիւնները պիտի հրատարակուին եւ շահողները պիտի արժանանան նիւթական վարձատրութեան. գ) 12 հոկտեմբերին` աշակերտներու ընդունելութիւն Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, ապա «Զօրեան» թանգարանին մէջ` ցուցահանդէս, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ մրցոյթին յաղթած աշակերտներու գնահատումը: Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ գիրքերու եւ «Աթանեան» արուեստի դպրոցի նկարներու ցուցահանդէս . դ) 13 հոկտեմբերին «Ուուտպըրի» համալսարանին մէջ գիտաժողով. ե) 14 հոկտեմբերին` Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետացն մերոց տօնին առթիւ առաջնորդը Ս. պատարագ պիտի մատուցէ եւ քարոզէ Սրբոց Ղեւոնդեանց մայր եկեղեցւոյ մէջ: Այս առիթով պիտի կարդացուի Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը` նուիրուած հայերէն առաջին գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին: Նոյն օրը առաջնորդարանի «Թրբանճեան» հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային հանդիսութիւն:

«Բոլորս Նոյն Հայն Ենք» Թատրոն

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Հայ եկեղեցւոյ երիտասարդաց կազմակերպութիւնը (ՀԵԵԿ) 15 սեպտեմբերին Կլենտէյլի «Պիյանտ տը սթար փալաս» թատերասրահին մէջ միայն մէկ անգամ պիտի ներկայացնէ ՀԵԵԿ-ի անդամ Արփի Նագգաշեանի հեղինակած «Բոլորս նոյն հայն ենք» երաժշտական ներկայացումը, որ իր մէջ կ՛ամբողջացնէ դրուագներ` հայոց պատմութենէն, մշակոյթէն եւ ազգային նկարագրէն:

Ներկայացումը շեշտը կը դնէ հայ նկարագրի,  մշակոյթի եւ լեզուի վրայ, եւ կը փորձէ ընդգծել քրիստոնէութեան ազդեցութիւնը` յիշեալ ազգային կարեւոր բաղադրիչներուն վրայ: Ան կ՛անդրադառնայ  հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն օրհասական պահերուն,  երբ հայ ժողովուրդը միասնութեան շնորհիւ` յաղթահարած է կենաց-մահու պայքարը: Ներկայացումը  կ՛անդրադառնայ  նաեւ հայ նոր սերունդին դիմագրաւած հարցերուն:

Հեղինակը նկատել տուաւ, թէ ներկայացման խորհուրդներէն մէկը այն է, որ աշխարհի տարածքին գտնուող հայերու միջեւ  տարբերութիւններ կրնան ըլլալ, սակայն բոլորին ինքնութիւնը նոյնն է:

Թատրոնը պիտի ներկայացուի հայերէնով,  սակայն կ՛ընդգրկէ նաեւ տեսարաններ` անգլերէն մեկնաբանութեամբ:

Ներկայացման մէջ հանդէս կու գան ՀԵԵԿ-ի անդամներ` թեմին տարբեր ծուխերէն:

Կլենտէյլի Մասնաճիւղը Կը Հրատարակէ
Հայկական
Նուագարանները Ներկայացնող
Պաստառ

Վերջերս Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը հրատարակեց իր երրորդ դաստիարակիչ պաստառը` նուիրուած հայկական ժողովրդական նուագարաններու: Այս շարքին առաջինը նուիրուած էր մայրերու, իսկ երկրորդը` մեր քայլերգին:

Զարդարանքը կատարուած է Սիրուն Երէցեանի մանրանկարչութեամբ, իսկ ձեւաւորումը կատարած է Վանիկ Թորիկեանը:

Մասնաճիւղին նպատակն է այս հրատարակութիւններու օրինակներէն նուիրել հայկական դպրոցներուն եւ հայկական կեդրոններուն:

Այս ծրագիրը կարելի եղաւ իրագործել «Սիւզան Պզտիկեան» ֆոնտի հովանաւորութեան շնորհիւ:

Գաղափարը յղացող Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեան նկատել տուաւ, որ  հայկական դպրոցները կարիքը ունին նմանօրինակ պաստառներու, եւ յոյս յայտնեց,  որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ հայ աշակերտին դասարանը աւելի զարդարուն դարձնել հայկական նիւթերու դաստիարակիչ պաստառներով:

 

Քանատա

Ատրիան Տիքսի Ի Պատիւ

Օգոստոս 21-ին Վանքուվըրի Հայ կեդրոնին մէջ, Արեւմտեան Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը հիւրընկալեց Պրիթիշ Քոլումպիա նահանգի Նոր դեմոկրատ կուսակցութեան անդամներ, որոնց շարքին էին` դաշնակցային երեսփոխաններ Տոն Տէյվիս եւ Ժասպիր Սանտու: Նահանգային երեսփոխաններն էին` Ատրիան Տիքս, Մէյպլ Էլմոր, Ռաժ Չուհան եւ Շէյն Սիմսըն: Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէին եւ ՀՕՄ-ի «Արազ» մասնաճիւղին ներկայացուցիչները, Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան եւ Հրանդ վրդ. Թահանեան:

Ընդունելութեան ընթացքին Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան Ատրիան Տիքսի յանձնեց Քանատայի Ազգային առաջնորդարանի «Սփիրիթ աֆ Արմինիա» գնահատագիրը: ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Արեւմտեան Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան շնորհակալութիւն յայտնեցին Տիքսի` Հայ դատի աշխատանքներուն գծով իր երկարամեայ անշահախնդիր զօրակցութեան համար: Ատրիան Տիքս իր կարգին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Պրիթիշ Քոլումպիայի հայ գաղութին եւ Հայ դատի յանձնախումբին` երկար տարիներու աջակցութեան համար:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )