Այդ Ես Եմ…

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Ամրան այս հրաշալի օրերուն, կէսօրէ առաջ, նախ քան արեւին կիզիչ դառնալը, կամ ուշ կէսօրէ ետք, երբ տաքը հաճելի կը սկսի ըլլալ, եթէ մեր թաղերէն անցած ատեն նկատէք կարճ տաբատով, վրայէն նետուած թեթեւ փոլօ շապիկով, քասքեթով (բառարանը կ՛ըսէ` հովարով գլխարկ…) ու արեւի ակնոցներով մեծ հայրիկ մը, որ մանկակառքով թոռնիկը կը պտտցնէ, գիտէք, թէ ո՛վ է ան…

Սիրաք, որ այցելութեան է եկած մեզի, երբեք չի մերժեր նման պտոյտի առաջարկը: Քիչ մը ընդդիմանալէ ետք կապուելու գաղափարին (որովհետեւ հիմակուան կառքերուն մէջ երեխաները պէտք է կապել…), ան կը համակերպի, որ ուսերէն իջնող գօտիները ագուցուին ներքեւէն եկած գօտիին, ու իշխանի մը նման կը բազմի բարձիկներով պատուած նստատեղիին վրայ, տոտիկները կը կախէ առջեւը, ու ճամբայ կ՛ելլենք` առանց մոռնալու ծծակով ջուրի իր շիշն ու կրծկալը:

– Երեք պլոքը անգամ մը կեցիր ու ջուր խմցուր,- կը հրահանգէ Արազ, մտահոգ, որ ջրազերծ կը դառնայ իր սիրասունը:

Ու կը քալեմ: Ո՛ր ուղղութեամբ ալ որ սկսինք մեր շրջագայութիւնը, Սիրաք ուշադրութեամբ կը դիտէ իր շուրջ` աչուկները սեւեռելով անցնող-գացող ինքնաշարժներուն, իրենց շուները պտոյտի հանած թաղեկիցներուն, գոյնզգոյն ծաղիկներուն, ու մանաւանդ` մայթերուն շուք տուող փարթամ ծառերուն, որոնք ամրան գագաթնակէտին իրենց սաղարթները առաւելագոյն չափով տարածած` այնպէս գուրգուրանքով կը պաշտպանեն մեզ արեւէն:

Կ՛անցնինք պէսպիսի բնակարաններուն առջեւէն, երբեմն բարեւ կու տանք ծանօթ կամ անծանօթ մարդոց, տարեցներ, որոնք իրենց տան առջեւի ծաղիկները կը խնամեն, կամ կառատունն ու ինքնաշարժը կը մաքրեն, կամ պարզապէս պատշգամը նստած` ամառը կը վայելեն: Երբեմն ալ` բանուորներուն, որոնք կա՛մ փողոցը կը նորոգեն, կա՛մ մենատան մը յառաջամասը: Արձակուրդի ժամերուն կամ օրերուն ալ կը հանդիպինք երիտասարդ ծնողներու, որոնք իրենց զաւակներուն հետ, հեծանիւով իրենք ալ մեզի պէս կը շրջին:

Մեր ճամբան կ՛երկարի, կը կտրենք արուարձանի երկաթուղիին գիծը, կը մտնենք մօտակայ զբօսայգին, ապա կանգ կ՛առնենք, կը սպասենք, որ գնացքին անցնիլը տեսնենք: Պարտէզին մէջ ուրիշ երեխաներ խաղավայրի մեծ խաղալիքներուն վրայ կը ճռուողեն, իսկ թոռնիկս անոնց կը ձայնակցի իր կառքին մէջէն: Յարմար անկիւններ, կարմիր, դեղին կամ վարդագոյն ծաղիկներու առջեւ կանգ կ՛առնենք, ու կը լուսանկարեմ զինք: Եթէ աչուկները բաց ըլլան, ան իր հայեացքը կ՛ուղղէ ոսպնեակիս ու կը ժպտի, կարծես սորված ըլլալով ինչպէս լուսանկարուիլ… Բայց նաեւ աչուկները կրնայ գոցած ըլլալ, քանի որ պտոյտը ի վերջոյ քուն կը բերէ, ու Սիրաքին գլուխը կամաց մը մէկ կողմ կը հակի: Այն ատեն անմեղութեան լուսանկարն է, որ կ՛արձանագրէ տեսախցիկս:

Եթէ արթուն եղած ատեն աջէն ձախէն կը խօսիմ իրեն հետ, օրուան կարեւորագո՜յն հարցերուն մասին, որպէսզի զգայ, որ միշտ հետն եմ, հիմա այլեւս լուռ կը հրեմ սայլակը: Ինք իր երազներով կ՛օրօրուի, ես` իմ խոհերով, յաջորդ յօդուածիս մասին մտածելով, կամ…

Վերադարձի ճամբուն վրայ պահ մըն ալ կ՛անցնիմ մեր թաղի միւս զբօսայգիէն, որուն ցայտաղբիւրին առջեւ պահ մը կանգ կ՛առնեմ: Եթէ արթնցած է, անյագ նայուածքով կը հետեւի ջուրին խաղերուն, ելեւէջներուն, իսկ եթէ տակաւին քնացած է, ջուրին կարկաջը կը շարունակէ օրօրել զինք:

Կը հասնինք տուն` երկուքս ալ օգտուած մեր շրջապտոյտէն: Ո՞վ աւելի` դո՛ւք ըսէք…

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )