Համազգայինի «Էրեբունի» Պարախումբին Անմոռանալի Ուղեւորութիւնը Դէպի Հայաստան, Արցախ Եւ Վրաստան

ԱԼԻՆ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ

Երեքշաբթի, 26 յունիս 2012, կէսօրէ ետք ժամը  4:00-ն էր: Հաւաքուած էինք Թորոնթոյի «Փըրսըն» օդակայանը. ծնողներ, հարազատներ, համազգայնականներ եկած էին բարի ճանապարհ մաղթելու Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբին: «Հայաստանը կը կանչէ» տարեկան ելոյթի բացառիկ յաջողութեամբ քաջալերուած` պարախումբը ճամբայ պիտի ելլէր դէպի Երեւան, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հրաւէրով, մասնակցելու «Իմ Հայաստան» փառատօնին: Ամիսներու լայնածաւալ ծրագրումը ի գործ դրուեցաւ, երբ բարձր տրամադրութեամբ, խանդավառ ու եռանդուն` խումբը ճամբայ ելաւ դէպի Հայաստան:

Մեր ուղեւորութեան սկիզբէն իսկ յիշատակելի պահերը անպակաս էին:  Փարիզ հասանք. «Շարլ տը Կոլ» օդակայանին մէջ անակնկալ մը ըրինք պարախումբի տղոցմէ Նարեկ Գասեմճեանին: Ճամբորդութեան օրը կը զուգադիպէր Նարեկի երկրորդականի վկայականի հանդիսութեան օրուան: Անմասն չձգելու համար Նարեկը այս կարեւոր արարողութենէն, արարողութիւն մը մենք ըրինք` աւարտական կարգի գլխարկը գլխուն զետեղելով: Փարիզէն ետք անհամբեր վայրկեանները համրելու սկսանք, երբ օդանաւը Հայաստանի երկինք մուտք գործեց. Մոնիքային, Թալինին եւ Նարեկին համար առաջին ճամբորդութիւնն էր դէպի Հայաստան:  Յունիս  27-ի գիշերուան ժամը 8:00-ի շուրջ օդանաւը էջք կատարեց Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան. այդ պահուն, բոլորիս յոգնութիւնը անհետացաւ: «Բարի գալուստ Հայաստան»-ը բոլորիս յուզմունք պատճառեց, իսկ Սրբազան Լերան գոյութիւնը աննկարագրելի զգացումով մը պատեց բոլորս:

Ծիրաններ իրենց ձեռքին` մեզ դիմաւորողները «Հայ Արթ Փրոտաքշըն» հաստատութեան տնօրէն, «Էրեբունի» պարախումբի նախկին պարուսոյց, մեզի ծանօթ Արսէն Աւետիսեանն ու բարեկամները` Միրոն եւ Քարլոսն էին. իսկ մեր վարորդը` Գարիգ (Գարեգին) անունով հայորդի մը, որուն հետ անմիջապէս մտերմացանք: Շատ չանցած, Երեւանի լուսաւոր փողոցներէն անցնելով` հասանք մեր առաջին հանգրուանը` «Նոր ձորաբերդ» պանդոկ: Բոլորս, սոված գայլերու պէս, անմիջապէս նետուեցանք ընթրիքի սեղանին: Ըստ սովորութեան, կենացները ծայր առին ու շարունակուեցան մինչեւ առտուան պզտիկ ժամերը:

Առաւօտուն, Երեւանի պայծառ արեւին տակ նախաճաշելէ ետք, առաջին առիթով այցելեցինք Սուրբ Սարգիս եկեղեցի, որմէ ետք ուղղուեցանք դէպի Մատենադարան, ուր տեղւոյն պաշտօնեան տեղեկութիւններ փոխանցեց մեր թանկագին մատեաններուն մասին: Ժամը հասած էր, որ պարախումբը վերադառնայ պանդոկ` պատրաստուելու համար «Իմ Հայաստան» փառատօնի բացումին: Օրը` 29 յունիս. ուղղուեցանք դէպի «Կասկադ», բացումին վայրը, ուր հաւաքուած էին բազմաթիւ այլ պարախումբեր` զանազան երկիրներէ ժամանած: Անբացատրելի հրճուանքով մեր շուրջը կը դիտէինք: Հայ երիտասարդներու հսկայ փաղանգ մը հաւաքուած էր. քաջ գիտէինք, որ շատ չանցած` փառատօնին բեմը պիտի թնդար ու թնդացնէր Երեւանը: «Էրեբունի» պարախումբին պարողները առաջին անգամ ըլլալով հայրենի հողին վրայ պիտի պարէին. յուզումի, հպարտութեան, ուրախութեան զգացումները իրարու շաղախուած էին: Պարախումբերուն տողանցքը ծայր առաւ. տօնական հանդէս էր… բացօթեայ բեմին վրայ իրարու յաջորդող հանրածանօթ երգիչներ, պարախումբերու երկար շարան մը… Քիչ անց քոչարիի եղանակները խառնուեցան բնութեան ձայներուն… որոտումն ու տեղատարափ անձրեւը անակնկալի բերած էին բոլորը: Սակայն ոչինչ կրնար խանգարել ելեկտրականացած մթնոլորտը: Պարողները, կենսունակ ու կայտառ, կը շարունակէին իրենց պարերը: Վերջաւորութեան, եղանակին հետ բեմէն վար գալով` «Էրեբունի»-ն միացաւ միւս խումբերուն եւ մէկ ուժ դարձած` հանդիսատեսներուն հետ շարունակեց պարել միասնութեան պար մը, ոտն ի գլուխ թրջուած, սակայն` հաստատ կամքով, միասին:

Յուզմունքի զգացումը մեզ պատեց ամէն տեղ, բոլորին հետ. յաջորդ օր Եռաբլուրի վրայ, երբ «Վէրքերով լի»-ն կ՛երգէինք,  Ծիծեռնակաբերդի կրակին շուրջ, երբ լուռ, գլխիկոր կ’աղօթէինք, պատմական եւ ճարտարապետական արժէք ներկայացնող Գառնիի տաճարին ու Գեղարդի վանքին շուրջ, Արարատի հովանիին ներքեւ, երբ հմայուած իր մեծութեամբ` մենք մեզ որքա՜ն բախտաւոր կը զգայինք: Խումբին անդամները իրարու հետ մէկ ընտանիք դարձած էին. Թամարը ուրախ էր իր «պոնչիկ»-ով ու «ֆանթա»-ով, Կարինը, Մոնիքան ու Դաւիթը երկրի գեղեցկութեամբ հմայուած էին, Կարէնը ամէն քայլափոխին հարցում մը ունէր, իսկ Տարօնը հրապարակի շատրուաններով տարուած էր:  Խումբին յաջորդ ելոյթը Գիւմրիի մէջ էր, 1 յուլիսին: Ոստիկանութեան եւ սփիւռքի նախարարութեան առաջնորդութեամբ, այլ պարախումբերու հետ ուղղուեցանք դէպի Գիւմրի:

Ելոյթի աւարտին «Էրեբունի»-ն յոյժ գնահատանքի արժանացաւ հանդիսատեսներուն կողմէ: Գիւմրիէն ետք, 2 յուլիսին այցելեցինք Օշական, ապա Սեւանայ լիճ ու միասին ընթրեցինք «Աղթամար» ճաշարանին մէջ:

Օրը հասած էր, որ միանանք մեր սիրելի Արցախին: Յուլիս 3-ի առաւօտ կանուխ ճանապարհուեցանք դէպի Արցախ: Հայրենի լեռներուն խորհուրդն ու գեղեցկութիւնը ոչ մէկ այլ տեղ է: Ճամբու վրայ հանդիպեցանք Նորավանք, ճաշակեցինք իշխան ձուկը բացօթեայ ճաշարանի մը մէջ, ջուրին եզերքը, լեռներուն գիրկը: Մեր սիրելի վարորդը` Գարիգը, այնքան վարպետ պէտք էր ըլլար, որ այդ ոլորապտոյտ ճամբաներէն, յանկարծակի կարկուտին տակ հանգիստ քշէր… Մեր յաջորդ իջեւանը Շուշիի գեղեցիկ «Կրենտ հոթել»-ն էր: Գանձասարի օդն ու ջուրը վայելելէ ետք մեկնեցանք դէպի Շուշիի Սրբ. Ղազանչեցոց եկեղեցին… ամէն անգամ որ մոմ վառեցինք, յիշեցինք մեր նահատակ ազատամարտիկները:  Ստեփանակերտի «Զոհուածների թանգարան»-ին մէջ տարիներէ ի վեր նոյն մամիկը նստած է եւ յուզուած աչքերով անմիջապէս ճանչցաւ զիս: Պարախումբը առիթ ունեցաւ Արցախի մէջ զոհուած ազատամարտիկներու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու: «Տատիկ ու Պապիկ»-ի շուրջ պտտելէ ետք, Ճտռտուզի խորհրդաւոր լեռներով կախարդուած` յաջորդ օր` 4 յուլիսին, ուղղուեցանք դէպի Սիսիան, Զօրաց քարեր, որմէ ետք` Սիւնիքի մարզ: Վերջապէս, Տաթեւի աշխարհահռչակ ճոպանուղին նստանք. վարը կ’երեւէր Սատանի կամուրջը, իսկ վերը` Տաթեւի վանքը: Միայն հոն գտնուողը կրնայ ըմբռնել մեր երկրի գեղեցկութիւնը: Եկեղեցիներէն ու լեռներէն անցնելով` հասանք Շաքիի ջրվէժը… հոնկէ` Ջերմուկ, իսկ գիշերը պարախումբը ներկայ եղաւ «Բարեկամութիւն» պարային համոյթի ելոյթին, օփերայի սրահին մէջ: Ապա «Նոր Ձորաբերդ»-ի մէջ տօնեցինք մեր պարախումբի անդամներէն Թալին Աւանէսիի տարեդարձը:  Յուլիս 6-ի արշալոյսին ճամբայ ելանք դէպի Թիֆլիս. ճանապարհին այցելեցինք Սանահինի պատմական վանքը: Թիֆլիսի մէջ միացանք մեր պարախումբի անդամներէն Արթիւր Գրիգորեանին: Արուեստի համերգասրահին մէջ «Էրեբունի» պարախումբը ելոյթ մը ունեցաւ այլ պարախումբերու հետ: Թիֆլիսի ելոյթը կազմակերպուած էր «Հայ Արթ Փրոտաքշըն»-ի կողմէ: Ելոյթի աւարտին տնօրէն  Արսէն Աւետիսեան վկայագրերով եւ զարդասեղներով պարգեւատրեց պարողները: Բոլոր պարախումբերը միասին ընթրելէ ետք, գիշերը ճանապարհուեցանք դէպի Սեւ ծով: Կ’արժէ նշել, որ Թիֆլիսի մէջ այցելեցինք Ս. Գէորգ եկեղեցին եւ Սայաթ Նովայի շիրմաքարը:

Սեւ ծովէն` Պաթումի, յետոյ` Ջաւախք, 8 յուլիսին: Ջաւախքի սրտաճմլիկ իրավիճակը յուզեց բոլորս. Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ աղօթելէ ետք, Մանասեանի տան մէջ հաճելի ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթրելէ ու բազմաթիւ կենացներէ ետք, «Էրեբունի» պարախումբին անդամները ոգեւորուած` փողոցին մէջ շուրջ պար բռնեցին… մինչ հայորդիներ հաւաքուած` հետաքրքրութեամբ կը դիտէին: Ջաւախքը մեր սրտերուն մէջ` ուղղուեցանք դէպի Ծաղկաձոր: Առաւօտուն Ծաղկաձորի գեղեցկութիւնը վայելեցինք ճոպանուղին նստելով: Կեչառիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ «Բարի տարեդարձ» երգեցինք այս անգամ Ռուբինա Սարգիսեանին: Ապա վերադարձանք Երեւան ու այցելեցինք Սարդարապատ, Ս. Հռիփսիմէ, Ս. Էջմիածին, Խոր Վիրապ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ այլ յիշատակելի վայրեր:

Փառատօնին փակումը Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային թատերասրահին մէջ էր: Հաճելի էր տեսնել Թորոնթոյէն ծանօթներ, որոնք եկած էին սրահ` պարախումբին ելոյթը դիտելու: Փակման հանդիսութեան ընթացքին «Էրեբունի» պարախումբի պարուսոյց ու գեղարուեստական ղեկավար Լոռի Նաճարեան գնահատագիր մը ստացաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ձեռամբ: Յուլիսի 12-ի առաւօտեան այցելեցինք Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը, ուր ծանօթացանք տնօրէն Լիլիթ Գալստեանին եւ գրասենեակի անձնակազմին հետ: Ապա այցելեցինք Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան գրասենեակ եւ լրագիրներու հետ հարցազրոյցներ ունեցանք:

Հասաւ 13 յուլիսի առաւօտը. Արցախի հզօր լեռները, Ջաւախքն ու Հայաստանը մեր սրտերուն մէջ, Երեւանի հրապարակի շատրուաններուն ձայնը մեր ականջներուն, երախտագիտութեան զգացումներով լեցուն` հրաժեշտ տուինք Արսէնին, Միրոյին, Քարլոսին, Արամին, Էդկարին, Երուանդին, Գարիգին, մեր Սրբազան Լերան ու ակամայ ուղղուեցանք դէպի «Զուարթնոց» օդակայան` երդուելով վերադառնալ մօտիկ  ապագային:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Seta 10 years

    Հպարտութեամբ կարդացի եւ ձեզի հետ ճամբորդեցի. հոյակապ նկարագրութիւն: Ապրիք Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբ եւ անձնակազմ:

  • Disqus (0 )