Սաֆարովի Հարցով Հայութիւնը Կը Շարունակէ Բողոքել Եւ Արդարութիւն Պահանջել

Միացեալ Նահանգներ
Նիւ
Եորք

 

 

 

 

 

 

 

 

Քաղաքական, հոգեւոր եւ աշակերտական-երիտասարդական միութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներ 10 սեպտեմբերին բողոքի ցոյց եւ մոմավառութիւն կատարեցին Նիւ Եորքի Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ: Ցուցարարներուն կողմէ արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտը դրուեցաւ այն երեւոյթին վրայ, որ այս ցոյցերը արդարութեան պահանջ մըն են ո՛չ միայն Գուրգէն Մարգարեանի, այլ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ ժողովուրդին հաշուոյն:

Ապա ցուցարարները մոմեր ու ծաղիկներ զետեղեցին Գուրգէն  Մարգարեանի նկարով պատրաստուած պաստառին դիմաց:

Ուաշինկթըն

Երկու շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը, որ կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Սեպուհ» կոմիտէին եւ  Հայ երիտասարդներու միութեան «Անի» մասնաճիւղին կողմէ:

 ***

Էսթոնիա

Թալինի մէջ 7 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը` Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման ու անոր ներում շնորհելու դէմ: Ցոյցը կայացաւ Թալինի հայկական եկեղեցւոյ կից գտնուող տարածքին մէջ:

Ռուսիա

Ռուսիոյ հայերու միութիւնը այս առիթով հրապարակեց յայտարարութիւն մը` մտահոգութիւն յայտնելով տեղի ունեցածին նկատմամբ: Հոն նաեւ մտահոգութիւն յայտնուեցաւ Ռուսիոյ մէջ բնակող հայերու անվտանգութեան առնչութեամբ, քանի որ, եթէ Եւրոպական Միութեան անդամ հանդիսացող երկրի մը մէջ նման բան տեղի ունեցած է, եւ մարդասպանը հերոս նկատուած է, ուրեմն ոչ մէկ հայ ինքզինք ապահով պիտի զգայ, որովհետեւ ոչ ոք զինք պիտի պաշտպանէ «սաֆարովներէն»:

Այս յայտարարութեան միացած են նաեւ Կրասնոտարի հայկական երիտասարդական կառոյցները: Այլ յայտարարութիւններ հրապարակած են նաեւ Ռուսիոյ մէջ գործող տարբեր կազմակերպութիւններ եւ միութիւններ:

Բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են` Պերմի, Տոնի Ռոստովի, Կուպանի, Սիմֆերոփոլի, Նիժնի Նովկորոտի, Սոչիի եւ այլ շրջաններու մէջ:

Վրաստան

Բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Թիֆլիսի մէջ «Հայարտուն» մշակութային կեդրոնն ու Վրաստանի մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւնները:

Չեխիա

 

 

 

 

 

 

 

Չեխիոյ Հայ համայնքի համակարգող խորհուրդին կազմակերպութեամբ Փրակայի մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը` Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ: «Մեր բողոքը ուղղուած է ո՛չ թէ բարեկամ հունգար ժողովուրդին դէմ, այլ` պաշտօնական Պուտափեշտի անազնիւ ու անխոհեմ քայլին դէմ», «Ամօ՛թ Հունգարիոյ կառավարութեան», «Վաճառքի հանուած է Հունգարիան» եւ այլ գրութիւններ կրող պաստառներ բարձրացուցած եւ եռագոյններ ծածանած շուրջ 90 հայորդիներ համախմբուած էին դեսպանատան առջեւ: Անոնք նաեւ կը կրէին Գուրգէն Մարգարեանին լուսանկարը:

Համակարգող խորհուրդին անունով չեխերէնով եւ անգլերէնով բողոքի նամակ մը յանձնուեցաւ դեսպանին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )