ԼՕԽ-ի Ամառնային Գործունէութենէն. ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարանը

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնն ու հոգածութիւնը վայելող  «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները այս ամառ ունեցան ճոխ յայտագրով օժտուած հարուստ գործունէութիւն: Արդարեւ, յատուկ մանուկներու համար ծրագրուած ու պատրաստուած  ամառնային երկամսեայ յայտագիրը յաջողութեամբ կիրարկուեցաւ ամէնօրեայ դրութեամբ:

Ամառնային այդ  յայտագիրը նախ եւ առաջ կ՛ընդգրկէր հայ գիրքի արժեւորումը` անոնց սիրցնելով ընթերցանութիւնը, հա՛յ գիրքի ընթերցանութիւնը, ամառնային յատուկ դասեր,  ընդհանուր գիտելիքներու զարգացում, մտային   ու դաստիարակչական խաղեր, գծագրութիւն,  ձեռային աշխատանք, համակարգիչի գործածութիւն եւ զարգացման մրցումներ:

Իրագործուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ  եւ հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային  վարչութեան  ու բարերարներու  քաջալերանքով,  ուրբաթ, 17 օգոստոսին  40 աշակերտներ ներկայ գտնուեցան «Լիվինկ  քալըրզ» խաղավայր-ճաշարանը, ուր անոնք շուրջ երեք ժամ տեւողութեամբ խաղցան, ճաշեցին ու մեծ գոհունակութիւն ստացած` դարձան իրենց տուները:

Վարձքը կատար բոլորին ու նորանոր յաջողութիւններ այս սիրելի օճախին:

   ԼՕԽի Կազդուրման Կայանը

Հայ կարիքաւոր մանուկներու հոգատարութեան եւ կրթութեան մէջ մեծ է դերը այն նուիրեալ անհատներու միութեան, որ կը կոչուի ԼՕԽ: ԼՕԽ-ը այն միութիւնն է, որ իր ուսերուն բեռցուցած է ամբողջ հայ ազգի կարիքաւոր անհատներու, մանաւանդ հայ մանուկներու կազդուրման  սուրբ գործը, որպէսզի հայ մանուկը անտէր չմնայ եւ երեք շաբթուան ընթացքին կազդուրուի եւ վայելէ այն բոլոր բարիքները, որոնցմէ զրկուած է:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբին կազմակերպած Կազդուրման կայանը տեղի ունեցաւ 30 յուլիսէն 20 օգոստոսի ընթացքին, Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին մէջ, մասնակցութեամբ 55 մանուկներու: Անոնց կ՛ընկերանային  6 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին ուրախացնելու համար  մանուկները:

Երեք շաբթուան ընթացքին մանուկները լաւ ձեւով կազդուրուեցան` ունենալով տարբեր տեսակի պտոյտներ, դաստիարակչական խաղեր, դասախօսութիւններ, ձեռային աշխատանքներ  եւ այլն: Անոնք այցելեցին Այնճարի պատմական բերդը, ինչպէս նաեւ ծանօթացան «Քասաթլի» խմիչքի պատրաստութեան գործարանին աշխատանքներուն: Թօթափելու համար ամառնային տաքը` երեք տարբեր առիթներով մեկնեցան լողաւազան: Անոնք սորվեցան հայկական երգեր, պարեր ու արտասանութիւններ: Գիշերները անցուցին խարուկահանդէսներով,  հաւաքոյթներով, լուռ արշաւներով  ու զանազան գիշերային խաղերով: Այդ ուրախ մթնոլորտի յիշատակները անջնջելի պիտի մնան անոնց մատղաշ մտայնութեան մէջ:

Փոքրիկները ընդունեցին նաեւ այցելուներ: Անոնք առաջին իսկ օրէն  ֆութպոլ խաղցան «Էհլան»-ի մանուկներուն դէմ: ՀՄԸՄ Այնճարի փողերախումբը այցելեց ու զանազան երգեր նուագելով` զուարճացուց զանոնք: ՀՅԴ-ի կրտսեր պատանիներուն հետ ներկայ գտնուեցան նախնական դարմանումներու մասին դասախօսութեան մը: Անոնք նաեւ ընդունեցին ԼՕԽ-ի  Շրջանային  վարչութեան այցելութիւնը, որուն ընթացքին ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը եւ ապա միասնաբար ճաշեցին նոյն սեղանին շուրջ: Մանուկները ապա այցելեցին  Այնճարի խաղավայրը, ուր անոնք ապրեցան հաճելի ու անմոռանալի պահեր:

Կիրակի, 19 օգոստոսի  երեկոյեան ժամը 6:00-ին,  Ազգային «Յառաջ» վարժարանի  «Մուսա Լեռ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէս մը` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ու զանազան միութեանց ներկայացուցիչներուն եւ բազմաթիւ ծնողներու: Հանդէսին թեման էր «Մենք ենք մեր սարերը»: Այդ առիթով մանուկները ելոյթ ունեցան հայկական յատուկ երգերով, պարերով ու արտասանութիւններով: Այդ հանդէսին ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը` մանուկներուն  երեք շաբթուան գործունէութեան մասին, կայանին` մէջ: Նոյն գիշերը անոնք հրաժեշտ տուին Կազդուրման կայանին` յաջորդ տարին անպայման վերադառնալու խոստումով: Անոնք իրարու հրաժեշտ տուին արցունքոտ աչքերով,  կարծէք` իրենց հարազատ տունէն կը բաժնուէին: Յուզումնալի նոյն այդ պահերը ապրեցան նաեւ  անոնց ուսուցիչներն ու ծնողները:

Կազդուրման կայանի կազմակերպիչ մարմինը մանուկներուն անունով շնորհակալութիւն կը յայտնէ  բոլոր այն ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն, որոնք իրենց տունն ու տեղը ձգած` անդադար վազեցին, քաջ գիտակցելով նուիրական գործին: Շնորհակալութիւն նաեւ բարերարներուն, որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս նպաստեցին ձեռնարկի իրագործման: Նմանապէս` Ազգային «Յառաջ» վարժարանի տնօրէնութեան, մայրիկներուն եւ Այնճարի քաղաքապետութեան ոստիկաններուն: Վարձքը կատար բոլորին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )