«Մինչեւ Հիմա Դամասկոսի Մէջ Գոյութիւն Ունեցող Վարչակարգին Իսկական Այլընտրանք Մը Չունինք» Կ՛ըսէ Էշթըն

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով զգուշացուց, որ «Սուրիոյ տագնապին յօգուտ կողմերէն մէկուն եւ ընդդէմ միւսին միջամտութիւնը անընդունելի է»` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ ողբերգական դէպքերուն անտարբերութեամբ հետեւիլը անընդունելի է»:

Ան ըսաւ, որ «սուրիական տագնապը միջազգային ամէնէն հրատապ հարցերէն մէկուն վերածուած է»: Ան նշեց, որ պէտք է բոլոր կողմերէն պահանջել արիւնահեղութիւնը դադրեցնել, որպէսզի սուրիացիները, «եւ անշուշտ ոչ վարձկանները», երկխօսութեան սեղան նստին, «արտաքին որեւէ միջամտութենէ ազատ», որպէսզի ազգային հաշտութեան միջոցները քննարկեն:

Ռուսական դիւանագիտութեան ղեկավարը շեշտեց, որ Մոսկուա ուժեղ կերպով կը զօրակցի ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի առաքելութեան: Նշենք, որ Իպրահիմի այսօր Դամասկոս կը մեկնի եւ երեկոյեան հանդիպում կ՛ունենայ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ:

Լաւրով ըսաւ, որ սուրիական տագնապը Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող ողբերգական զարգացումներուն մաս կը կազմէ` աւելցնելով, որ այդ զարգացումները բազմաթիւ երկիրներու մէջ կայունութիւնը կ՛ոտնահարեն, իսկ ամէնէն վտանգաւորը այն է, որ այդ զարգացումները կ՛օգտագործուին ցեղային եւ յարանուանական բախումներ հրահրելու համար:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը կը շարունակէ պառակտուած մնալ, իսկ մենք մինչեւ հիմա Դամասկոսի մէջ գոյութիւն ունեցող վարչակարգին իսկական այլընտրանք մը չունինք»:

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտնեց, որ «սուրիական թղթածրարին առնչութեամբ զինուորական ընտրանքը բացառուած չէ»` նշելով, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է հեռանայ»:

Համընտ ըսաւ, որ «Ռուսիոյ եւ Չինաստանի վրայ յաւելեալ ճնշումներու կարիքը ունինք, որպէսզի անոնք դադրին Ասատին աջակցելէ»` շեշտելով, որ «Բրիտանիա սուրիական ընդդիմութիւնը չի զիներ եւ ըստ օրէնքի կը վարուի»:

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, որ «կը փափաքինք Սուրիոյ մէջ խաղաղ լուծումի մը հասնիլ եւ կը գիտակցինք, որ ատիկա մեծ մարտահրաւէր մը կը ներկայացնէ»:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի` սուրիական տագնապի քառանդամ յանձնախումբի ճամբով լուծման ծրագիրը համապարփակ է եւ նախ եւ առաջ կը ձգտի վարչակարգին եւ ընդդիմութեան դաշնակից միջազգային եւ շրջանային ուժերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացնել:

Օրաթերթը նշեց, որ եգիպտական ծրագիրը Սուրիոյ նախագահին եւ անոր ընտանիքի անդամներուն Սուրիայէն ապահով հեռացման երաշխիքներ կը ներառէ: Իսկ ամէնէն շօշափելի առաջարկներէն մէկը Սուրիոյ մէջ քաղաքական խաղաղ փոխանցման երաշխաւորման մեքանիզմի հաստատումն է` նկատի ունենալով, որ Ասատի վարչակարգը այլեւս անկարող է երկրին իշխել կամ զայն կառավարել, ազգային անկախ անձնաւորութիւն մը փոխանցման հանգրուանին մէջ ընտրական հանգրուաններուն ընդունելի պատկերացում մը կը կազմէ: Մեքանիզմի նպատակը Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան եւ առանց մասնատման պահպանումն է:

«Հիւրրիյէթ» կը նշէ, որ հակառակ այդ շրջանային նախաձեռնութեան, Մուրսի չի ջանար միջազգային ընտանիքը լուսանցքայնացնել, այլ պէտք ունի անոր դիտորդական եւ մարդասիրական առաքելութեանց ճամբով աջակցութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի աջակցութեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES