Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութիւնը նախապատրաստած եւ ծրագրած յանձնախումբի ընդհանուր համադրող հայր Մարուան Թապեթ յայտնեց, որ Լիբանան կազմ ու պատրաստ է` ընդունելու պապը:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մէջ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր ութ անհատներ ամբաստանեց Թրիփոլիի մէջ սուրիացի ընդդիմադիրներ առեւանգելու յանցանքով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ թերգնդապետ Տէյվիտ Պրենըրի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ փոխվարչապետ Էլիաս Մըր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը Հարաւային արուարձաններուն մէջ իր սովորական պարտականութիւնը կը կատարէ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ պատերազմի ուրուականը տիրական է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը յանձնառու է Պքերքէի մէջ գոյացած համաձայնութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ համաձայնութիւն գոյացած է, թէ Պքերքէի յանձնախումբին աշխատանքը բոլորին զօրակցութիւնն ու հաւանութիւնը կը վայելէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը մէկէ աւելի ծրագիրներ ունի Լիբանանի կացութիւնը վատթարացնելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Դանիոյ դեսպան Եան Քրիսթընսըն գոհունակութիւն յայտնեց Լիբանանի կողմէ հիւրընկալուած սուրիացի գաղթականներուն մատուցուած մարդասիրական օժանդակութիւններուն եւ ծառայութիւններուն համար: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է այդ շրջագիծին մէջ գործակցիլ Եւրոպական Միութեան հետ:

ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ «Ահրամ» օրաթերթին համաձայն, Լիպիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետ Ապտալլա Սանուսի խոստովանած է, որ Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազզաֆի հրահանգած է սպաննել իմամ Մուսա Սատըրը` անոնց միջեւ արձանագրուած բախումէ մը ետք: Սանուսի նշեց, որ իմամ Սատըր եւ անոր ընկերակիցները սպաննուեցան ու թաղուեցան մայրաքաղաքին մօտակայ անապատային շրջանի մը մէջ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն,  Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հանդիպումին նպատակը Լիբանանի կառավարութեան փոփոխութեան ենթարկումը չէ:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը Լիբանանի գոյութեան եւ գոյատեւման զօրակցութիւն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ պէտք է անպայման ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնել` փրկել կարենալու համար երկրին կացութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր նշեց, որ պապին Լիբանան այցելութիւնը կը նպաստէ Լիբանանի նկատմամբ աշխարհի կեցուածքին փոփոխութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ Հըզպալլա իսկական փորձի մէջ է սուրիական տագնապը լիբանանեան ներքին հարցերէն անջատելու առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլա անկարող է ներքին լիբանանեան կացութիւնը զսպելու եւ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Եուսեֆ յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի կատարած բոլոր աշխատանքները կասկածի տակ առնուած են:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ լիբանանցիները կարիքը ունին Պենետիկտոս ԺԶ. պապին յայտարարելիք խաղաղութեան եւ սիրոյ պատգամին:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ յայտնեց, որ իրենք Լիբանան ժամանած սուրիացի աշակերտներուն հետ պիտի վարուին այնպէս, ինչպէս լիբանանցիներուն հետ կը վարուին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը, որուն հիման վրայ պենզինի թիթեղին սակը արձանագրեց 500 լ. ոսկիի յաւելում, իսկ մազութինը` 400 լ. ոսկիի յաւելում:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ պատկերասփիւռի պետական կայանին մէջ բռնկեցաւ հրդեհ մը, որ իսկոյն հակակշիռի տակ առնուեցաւ: Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք անմիջապէս այցելեց դէպքին վայրը` ստուգելու համար վնասները: Սակայն աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ հրդեհին պատճառը ելեկտրական կարճ միացում մըն է, որ ուղղակի հակակշիռի տակ առնուեցաւ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախկին նախարար Թարեք Մըթրի այս ամսուան ընթացքին պիտի նշանակուի Լիպիոյ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ` փոխարինելով բրիտանացի Իյըն Մարթինը:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին, վարչապետ Միքաթի քննարկած է կառավարութեան եւ խորհրդարանին միջեւ գործակցութիւնը:

ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատի յատուկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին կեդրոնացած է ընտրական օրէնքի եւ Լեռնալիբանանի մէջ հաշտութիւնը աւարտելու թղթածրարներուն քննարկման վրայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ իր եւ երեսփոխան Ալեն Աունի կողմէ ներկայացուած ընտրական օրէնքը լուրջ է եւ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխան Պութրոս Հարպ հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է վստահիլ այնպիսի կառավարութեան մը, որուն մաս կը կազմէ Հըզպալլան, որ ծանօթ է արդարութեան բանեցումը խոչընդոտելու իր յատկանիշներով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ իրենք ոչ մէկ հարց ունին համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին պարագային ընտրաշրջաններու բաժանումին հետ:

«ՆԱՇՐԱ» կայքէջը ստացած է ե-նամակ մը, որուն մէջ նշուած է, թէ ան յղուած է սուրիական բանակի գաղտնի սպասարկութենէն անջատուած պատասխանատուէ մը, որ բաւարարուած է ինքզինք ներկայացնելով իբրեւ Ապու Իպրահիմ: Նոյն նամակին մէջ նշուած է, որ սուրիական բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Հըզպալլայէն խնդրած է օժանդակել իրեն` Լիբանան-Սուրիա սահմանային զէնքի մաքսանենգումը արգիլելու գործողութիւններուն մէջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Մուսթաքպալ հոսանքի հետեւորդն է եւ անոր բոլոր քայլերը քաղաքական բնոյթ ունին:

ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքներու պատասխանատու հայր Մարուան Թապեթ յայտնեց, որ պապը արաբական աշխարհը պատասխանատու կը նկատէ` հոն ապրող քրիստոնեաներուն ապահովութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի ողջունեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը` ընդգծելով, որ այդ այցելութիւնը կը հաստատէ, որ Լիբանան համայնքներու համակեցութեան երկիր է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութիւնը կը կատարուի եւրոպական կազմակերպութիւններու հետ գործակցութեամբ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը Պքերքէի համաձայնութեան դէմ յեղաշրջում չէ կատարած` աւելցնելով, որ հիմնական հարցը քրիստոնեայ համայնքին շահերը ապահովելու հարցն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ կառավարութիւնը անկարող է իր պարտականութիւնները կատարելու եւ երեսփոխանական ընտրութիւններ կազմակերպելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ դժուար է հաւատալ, թէ Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտ առանց լուր ունենալու փոխադրուած է այնպիսի ինքնաշարժով մը, որուն մէջ ականներ կը գտնուէին:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ ընդգծեց, որ իրենք համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին կը զօրակցին, իսկ անոնց դաշնակիցները ոչ մէկ հարց ունին ընտրական որեւէ օրէնքի հետ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը փափաքի հրաժարիլ, սակայն ան տակաւին ազդանշանը չէ ստացած այդ իմաստով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը յանձնառու է Պքերքէի մէջ գոյացած համաձայնութեան` աւելցնելով սակայն, որ իրենց դաշնակիցները վերապահութիւն յայտնած են Ուղղափառ համայնքի հանդիպումին ներկայացուցած ընտրական օրէնքի տարբերակին առնչութեամբ:

ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն շեշտեց, որ վառելանիւթի սակերուն մնայուն բարձրացումը կ՛ենթադրէ, որ բողոքի ցոյցեր կազմակերպուին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )