Զօր. Աուն Ընդունեց Փլամպլին
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին ընտրական օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումէն ետք Փլամպլի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
CATEGORIES Լիբանանեան

