ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՈՒՂԻՆ ԵՒ ՆԵՐԿԱՆ
1995-ին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը պաշտօնապէս եւ զանազան ձեռնարկներով կը նշէ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 60-ամեակը, այս առիթով կը կազմակերպուին ֆութպոլի, պասքեթպոլի, հեծելարշաւի, աթլեթի մրցաշարքեր, հրապարակային դրօշակի արարողութիւններ, սկաուտական տողանցք, սկաուտական ջահագնացութիւն, ինչպէս նաեւ` պաշտօնական հանդիսութիւն մը, որ բաւական մեծ շուքով կը նշուի, եւ որուն կը նախագահէր հանգուցեալ Կարպիս Հարպոյեան: Մինչ այդ ակումբը կը գտնուէր բաւական անմխիթար վիճակի մը մէջ, ժողովները տեղի կ՛ունենային փոքրիկ եւ հին սենեակներու մէջ: Մասնաճիւղի հիմնադրութեան 60-ամեակը առիթ կ՛ըլլայ` Կարպիս Հարպոյեանի նիւթական ներդրումով վերակառուցելու եւ նորոգելու ակումբը եւ զայն օժտելու ՀՄԸՄ-ական աշխատանքները աւելի դիւրին եւ կազմակերպուած կերպով իրագործելու կարելիութիւններով: Ի յիշատակ մասնաճիւղի նուիրեալ եղբայր եւ երկարամեայ ՀՄԸՄ-ական Երուանդ Տեմիրճեանի, ակումբին սրահը կը կոչուի անոր անունով` «Երուանդ Տեմիրճեան» սրահ:
1995-2005 տասնամեակին, ինչպէս աշխարհին ապրած արդիականացումն ու յեղաշրջումի բնոյթ կրող փոփոխութիւնները, մասնաճիւղը եւս կ՛ապրի աշխատանքային արդիականացում եւ սկաուտական շարքերուն մէջ կը ներառուին գործունէութիւններ, որոնք նոր ոգի եւ շունչ կը բերեն: Սկաուտական աշխատանքները կը շարունակուին նորանոր յայտագիրներ, բանակումները յատուկ ուշադրութեան կեդրոն կը հանդիսանան, անոնք աւելի մեծ աշխուժութեամբ տեղի կ՛ունենան, նորութիւններ կը բերեն իրենց հետ, առիթ կ՛ըլլան սկաուտական տեսական գիտելիքները գործնականի վերածելու, արկածախնդրական կեանք ապրելու: Շեշտուած կը դառնան նաեւ արտաքին աշխատանքները, ազգային եւ դաստիարակչական բնոյթ կրող գործունէութիւնները, աւետման գիշերը հայութեան տուներ տրուած այցելութիւններն ու շարականներու երգեցողութիւնը: 2000 թուականներուն իւրայատուկ տեղ կը գրաւեն յաջորդաբար երկու տարուան վրայ իրագործուած եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ գնահատուած «Էքսթրիմ էտվենչըր», արկածախնդրական խաղերու հրապարակային ձեռնարկները, որոնք իրենց վրայ հրաւիրեցին ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլ ամբողջ Լիբանանի ուշադրութիւնը: Իւրայատուկ այդ խաղերը, որոնք մատչելի չեն սովորաբար, Լիբանան կու գան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղին կողմէ եւ անոնք մեծ աղմուկ կը բարձրացնեն եւ կը ներգրաւեն հազարաւոր անձեր, որոնք լիբանանեան տարբեր շրջաններէ Կեդրոնական Պէյրութ կ՛ուղղուին` վայելելու տեղի ունեցած խաղերը: ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի սկաուտական խորհուրդի եւ խմբապետութեան նախաձեռնութեամբ իրականացած «Էքսթրիմ էտվենչըր»ը մեծ հպարտութիւն կ՛ըլլայ հայութեան եւ ՀՄԸՄ-ին համար ընդհանրապէս, որովհետեւ միութեան անունը գէթ երեք օրերու ընթացքին շրջան կ՛ընէ ամբողջ Լիբանանի մէջ եւ իր հովանիին տակ կ՛առնէ մեծ թիւով անձեր, մանաւանդ` օտարներ:
Միւս կողմէ, աշխուժութեամբ շարունակուեցաւ նաեւ մասնաճիւղին մարզական կեանքը, մանաւանդ` պասքեթպոլն ու ֆութպոլը, նախորդ տարիներուն հիմը դրուեցաւ նաեւ փինկ- փոնկին, որ այսօր բաւական լաւ պատկեր կը պարզէ եւ իր շուրջ կը համախմբէ մեծ թիւով պատանիներ, որոնք ֆիզիքականին կողքին, հոգեպէս կը թրծուին հայկականութեամբ եւ կորովով: Այս տարի նաեւ սկսաւ կիրարկուիլ աթլեթ մարզախաղը, որ կրկին կրցաւ ներգրաւել այդ մարզաձեւերը սիրողները: Մասնաճիւղի խումբերը ունին մասնագիտացած մարզիչներ եւ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած մրցաշարքերուն: Յատկանշական է յիշել, որ նախորդ տարիներու աշխատանքին իբրեւ արդիւնք` անցեալ տարի պասքեթպոլի աղջիկներու խումբը երրորդ դասակարգէն բարձրացաւ երկրորդ դասակարգ:
2005-2010 երկարող տարիներուն Լիբանանի մէջ տիրող անապահով կացութիւնը եւ իշխանութեան անկանոն ընթացքը պատճառ դարձան, որ շատ մը աշխատանքներ ձախողութեան մատնուին:
Օրինակ` 2006-ի ամրան Լիբանանի յուլիսեան պատերազմին պատճառով եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ռմբակոծումին իբրեւ հետեւանք` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի պատուիրակութիւնը չկրցաւ իր մասնակցութիւնը բերել ՀամաՀՄԸՄ-ական Ը. բանակումին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ:
Սակայն, հակառակ երկրին մէջ տիրող քաոսային վիճակին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը դժուար պայմաններու տակ շարունակեց իր աշխատանքները` սկաուտական նոր ծրագիրներու գործադրութեամբ, ինչպէս նաեւ մարզական խաղերուն մէջ արձանագրեց նորանոր յաջողութիւններ:
Սկաուտական բանակումները շարունակուեցան` ստեղծելով կարելիութիւն մը, որպէսզի սկաուտները բնութեան մասին իրենց սորված գիտելիքները կարենան գործադրել բնութեան իսկ գրկին մէջ:
Բանակումներուն շարքին կատարուեցան նաեւ սկաուտական այլ աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ` ազգային, ընկերային ու բարեսիրական աշխատանքներ:
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը տուաւ նաեւ շարք մը այցելութիւններ` դէպի Ազգային թանգարան, ՔԱՀԼ-ի ծերանոց, Թռչնոց Բոյն, Պէյթ էտտին, կենդանաբանական պարտէզ, «Կիլիկիա» թանգարան, Պէյրութի հրշէջներու կեդրոնը եւ Պէյրութի միջազգային օդակայան:
Մասնաճիւղին սկաուտները մասնակցեցան նաեւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած աշխատանքներուն, ինչպէս Վուուտ պատժ եւ ձիրքերու յայտնաբերման յայտագիրներուն, որոնց ընթացքին անոնք արձանագրեցին պատուաբեր արդիւնքներ` գրաւելով երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը:
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտները կատարեցին նաեւ քարոզչական զանազան աշխատանքներ հայկական դպրոցներուն մէջ:
Իսկ 2010-ի ամրան Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն 28 քոյրեր եւ եղբայրներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Բիւրականի մէջ տեղի ունեցած Համա ՀՄԸՄ-ական Թ. բանակումին:
Հայաստանի մէջ այս բանակումին ընթացքին կատարուած սկաուտական զանազան աշխատանքներուն, խաղերուն եւ զարգացման մրցումներուն մասնաճիւղի մասնակցութիւնը խորհրդանշուեցաւ սկաուտական բարձր ոգիով: Սկաուտները Լիբանան վերադարձան 7 մրցանակներով:
2011 փետրուարին ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին կողմէ, Հայ Սկաուտի օրուան առիթով, յատուկ նախաձեռնութիւն էր կարիքաւոր հայ ընտանիքի մը օգնութեան ձեռք մեկնելու աշխատանքը:
Սկաուտները հիմնուելով գայլիկական խոստումին վրայ` գործել բարիք մը ամէն օր եւ այդ նշանաբանէն մեկնած օժանդակեցին հայ ընտանիքի մը` հոգալով անոր բոլոր կարիքները եւ նորոգելով ու կահաւորելով ամբողջ տունը:
Սկաուտներուն ստանձնած աշխատանքը տեւեց մէկ ամիս, որուն աւարտին սկաուտները հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ դուրս եկան այդ փորձառութենէն:
Այս աշխատանքին մանրամասնութիւնները վերածուեցաւ նաեւ վաւերագրական յատուկ ժապաւէնի եւ սփռուեցաւ պատկերասփիւռի «Էլ. Պի. Սի.» կայանի «Նըհնա լա պաատ» յայտագիրէն:
Այս աշխատանքին կողքին, Պուրճ Համուտի սկաուտները սննդեղէն բաժնեցին հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն:
Այս աշխատանքը ոչ միայն լիբանանահայութեան, այլեւ տեղացիներուն ուշադրութիւնը գրաւեց:
Միւս կողմէ, մասնաճիւղի մարզական կեանքը շատ աշխուժ էր, յատկապէս` ֆութպոլի, պասքեթպոլի եւ փինկ-փոնկի մարզաձեւերուն պարագային:
Պասքեթպոլի խումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստան կատարուած Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզական խաղերուն:
Փինկ-փոնկը լաւ պատկեր պարզեց եւ բաւական մեծ թիւով պատանիներ համախմբուեցան ՀՄԸՄ-ի շուրջ` հետեւելու համար փինկ-փոնկի մարզաձեւին:
Պուրճ Համուտի մարզական խումբերը ունին լաւ մարզիչներ, որոնք կը մասնակցին ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած մրցաշարքերուն:
Այս տարի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը սկսաւ կիրարկել նաեւ ճատրակը:
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը ներկայիս ունի ինն անդամներէ բաղկացած վարչական կազմ մը. անոր հովանիին տակ կը գործեն նաեւ սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը, ինչպէս նաեւ` ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի յանձնախումբերը, փինկ-փոնկի հետեւող կազմը, ճատրակի ներկայացուցիչն ու ընկերային յանձնախումբը:
Մասնաճիւղին սկաուտական հաւաքոյթները տեղի կ՛ունենան կիրակի օրերը, ժամը 9:00-11:00, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի շրջափակէն ներս:
Ֆութպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի եւ ճատրակի փորձերը տեղի կ՛ունենան շաբաթը երկու անգամ:
– ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը մասնակցեցաւ Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան եւ արձանագրեց պատուաբեր արդիւնքներ` մնալով խումբերու դասաւորման Ա. դասակարգին մէջ: 2005-2006 տարեշրջանին պասքեթպոլի խումբը երրորդէն երկրորդ դասակարգ բարձրացաւ: 2007-2008 պասքեթպոլի խումբը երկրորդ դասակարգի երրորդ դիրքը գրաւեց: 2008-2009 պասքեթպոլի խումբը երկրորդ դասակարգի Ա. դիրքը գրաւելով` բարձրացաւ Ա. դասակարգ:
2009-2010 ընդառաջելով հայրենի Հատիս խումբի հրաւէրին` պասքեթպոլի աղջկանց խումբը մեկնեցաւ Հայաստան եւ մասնակցեցաւ Վիվասել «Էմ. Թի. Էս.»-ի կազմակերպած մրցաշարքին, որուն աւարտին խումբը գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Իսկ Պուրճ Համուտի պասքեթպոլի տղոց խումբը մասնակցեցաւ Լիբանանի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան եւ արձանագրեց գոհացուցիչ արդիւնքներ:
– ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի փինկ-փոնկի խումբը տարիներու ընթացքին արձանագրած է պատուաբեր արդիւնքներ, ֆետերասիոնի կազմակերպած զանազան մրցաշարքներուն ընթացքին:
Ան մասնակցեցաւ Լիբանանի գարնանային բաժակին, գրաւեց երրորդ դիրքը, ինչպէս նաեւ տարիքային այլ մրցումներուն ընթացքին խումբը գրաւեց Ա. եւ Բ. դիրքերը:
18 տարեկանէն վար Լիբանանի 2010-ի խմբային ախոյեանութեան ընթացքին մասնաճիւղին աղջկանց խումբը հանդիսացաւ իր դասակարգին փոխախոյեան, իսկ տղաքը գրաւեցին Դ. դիրքը:
– Ֆութպոլի պարագային, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի ֆութպոլի խումբը Լիբանանի Դ. դասակարգին ախոյեանութեան մրցաշարքին ընթացքին արձանագրեց երկու յաղթանակ, երկու հաւասարութիւն եւ մէկ պարտութիւն: Գրաւելով իր խմբակին երկրորդ դիրքը` ան մնաց Դ. դասակարգին մէջ:
Մեր հիմնադիր եղբայրները վարեցին ՀՄԸՄ-ի ջահը` Պուրճ Համուտի սրտին մէջ, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուելով հասած է մեզի, եւ մենք զայն ոչ միայն անմար պիտի պահենք, այլեւ մեզի հետ պիտի տանինք շատ հեռուները գտնուող, բայց մեր սրտերուն շատ մօտիկ եղող Արարատ լերան գագաթը, ուր միայն կարելի է երաշխաւորել, որ առանց պայքարի ջահը յաւիտեան պիտի բոցավառի ու լուսաւորէ սպիտակ սուրբ լեռն ու համայն հայութիւնը:
ՀՄԸՄ-ը ապրեցաւ եւ ապրեցուց, եւ երթը կը շարունակուի:
Շար. 2 եւ վերջ
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ