ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ ՆՈՐ ՍԻՍԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կազմակերպութեան Լիբանանի հայոց թեմի դպրաց դասերու միացեալ վարչութեան, 27 մարտի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում` մասնակցութեամբ թեմի բոլոր եկեղեցիներու դպրաց դասերու դպիր-դպրուհիներուն:

Մրցումը կը բաղկանար զանազան նիւթերէ.

– Եկեղեցական
– Աստուածաշնչական
– Հայոց Պատմութիւն
– Ծիսական

Դպրաց դասերու միացեալ վարչութեան ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան փոխանցեց բարի գալուստի խօսքը եւ խօսեցաւ զարգացման մրցումի անհրաժեշտութեան մասին`շեշտելով, թէ դպիրն ու դպրուհին պէտք է միշտ քաջածանօթ  ըլլան վերոյիշեալ նիւթերուն, եւ` զանոնք լաւապէս ըմբոշխնած, որպէսզի որեւէ մէկ եկեղեցական արարութեան իւրաքանչիւր անձի մասնակցութիւնը ըլլայ արդարացի եւ իմաստալի:

Մասնակցողները բոլորը բարձր տրամադրութեամբ հանդէս եկան` միշտ նոր գիտելիքներ սորվելու միտումով ու պատրաստակամութեամբ:

Առաջին հանդիսացաւ.

Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասը,
Երկրորդ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասը.
Իսկ երրորդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը.

– Բոլոր մասնակցող դպրաց դասերուն յանձնուեցան յուշանուէրներ յանձնախումբին կողմէ. իսկ առաջին երեք տեղերը գրաւած դպրաց դասերուն յանձնուեցան արժէքաւոր նուէրներ. երեկոն փակուեցաւ տէր հօր գնահատանքի խօսքերով ու «Պահպանիչ»ով.

Հուսկ, տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը, որմէ ետք ներկաները վերադարձան իրենց տուները` քրիստոնէական գիտելիքներով լիցքաւորուած:

ՆՈՐԱՅՐ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳ
ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES