ՖԻՏԷ – Գասպարով Տարակարծութիւնները` Լուծուած
Իր լուրը քաղելով «ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութենէն, «Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ ՖԻՏԷ-ի եւ աշխարհի ճատրակի 13-րդ ախոյեան Կերի Գասպարովի միջեւ գտնուող տարակարծութիւնները լուծուած են եւ անոնց միջեւ ոչ մէկ խնդիր մնացած է այլեւս:
Այս մասին յայտարարած է նաեւ ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինով:
Կը յայտարարուի, որ ՖԻՏԷ-ի ներկայացուցիչները եւ Գասպարովի իրաւաբանները երկար ժամանակ միասին կ՛աշխատէին` ՖԻՏԷ-ին կանոնադրութեան մէջ որոշ փոփոխութիւններ կատարելու: Այդ մէկը արդէն իսկ գտած է իր ճիշդ ուղին եւ բոլոր հարցերը լուծուած են:
ՖԻՏԷ-ի եւ Գասպարովի ներկայացուցիչները յատուկ ձեւով քննարկած են նաեւ հանրային դպրոցներուն մէջ ճատրակը դասաւանդելու հարցը, ինչ որ արդէն սկսած է գործադրուիլ Հայաստանի մէջ:
CATEGORIES Մարզական


