Յառաջիկայ 22-23 Սեպտեմբերին Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Եւրոպայի Քարաթէի Բաց Ախոյեանութիւնը
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 22-23 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Քիոքուղինքան քարաթէ թույի Եւրոպայի բաց ախոյեանութիւնը:
Վերոնշեալ ֆետերասիոնի Հայաստանի նախագահ Անդրանիկ Յակոբեան ըսաւ, որ նմանօրինակ միջոցառում Հայաստանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ տեղի կ՛ունենայ:
Անոր մասնակցելու համար իրենց հաւանութիւնը յայտնած են եւրոպական 16 երկիրներ, իսկ մասնակցողներուն թիւը ներկայ դրութեամբ կ՛անցնի չորս հազարը:
Նշենք, որ Եւրոպայի այս բաց ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Միքա մարզասրահին մէջ:
Հայաստանի մէջ այս ֆետերասիոնը հիմնուեցաւ 2005-ին: Նախքան ֆետերասիոնին հիմնուիլը, անիկա ունէր նոյնանուն ակումբ մը, որ 2002-էն ի վեր կը մասնակցէր միջազգային մրցաշարքերու եւ Կովկասի բաց ախոյեանութեան:
CATEGORIES Մարզական

