Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Վերադարձաւ Երեւան
Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ երէկ առաւօտեան, Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայէն Երեւան վերադարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը:
Կարգ մը մարզիկներ, որոնց կարգին` Եուրա Մովսիսեան, Ռոպերթ Արզումանեան, Ռոման Պերեզովսքի, Լեւոն Հայրապետեան, Արթուր Սարգիսով, Մարքոս Փիցելլի, Արազ Օզպիլիս եւ Զաւէն Պատոյեան, Սոֆիայէն վերադարձան իրենց ակումբները:
Մնացեալները ժամանեցին Երեւան: Հոնկէ Տոնեցք մեկնեցան Ուքրանիոյ մէջ ելոյթ ունեցող Հենրիխ Մխիթարեան, Արտակ Եդիգարեան, Կարլեն Մկրտչեան եւ Գէորգ Ղազարեան:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Պուլկարիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուած եւ 41-րդ վայրկեանին այլ մարզիկով փոխարինուած Լեւոն Հայրապետեան, որ մաս կը կազմէ Կրանսքի Լեկիայի (Լեհաստան), լաւ ապաքինման համար պէտք ունի նուազագոյնը երկու ամիսի:
Ինչ կը վերաբերի Գէորգ Ղազարեանին, որ Պուլկարիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին 77-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ, շատ վստահաբար իր ակումբին` Մեթալուրկ Տոնեցքի կողմէ (Ուքրանիա) պիտի կախակայուի իր ունեցած ոչ մարզավայել կեցուածքին համար:
Շատ հաւանական է, որ ան տուգանքի ենթարկուի:


