Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Պըպպօ Եւ Շալհուպ Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը

Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի փինկ փոնկի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, կիսաւարտականի իրենց տոմսերը ապահովողներուն երկուքին անունները յստակացաւ:

Ռաշիտ Պըպպօ (Ռիատի Պէյրութ) 4-1 արդիւնքով յաղթեց Միսաք Պոյաճեանի (ՀՄԸՄ Պէյրութ), իսկ Ժոզեֆ Շալհուպ (Ռիատի Պէյրութ) Ահմետ Հիւսէյն Հարպի (Պարաղեմ Նապաթիէ)` 4-0 արդիւնքով:

Կիսաւարտականին անոնք կը ճակատին իրարու դէմ:

Նշենք, որ երկրորդ ցուցատախտակին մրցումները չեն աւարտած:

ԱՅԼ գետնի վրայ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը, նախքան շաբաթական իր հերթական նիստը գումարելը, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց յիշատակը Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի երիտասարդ մարզիչ Սամեր Քարեհի, որ սրտի կաթուած ունենալով մահացած էր:

Ֆետերասիոնը յատուկ խնդրագիր մը ներկայացուց Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի, որպէսզի յառաջիկայ 17-23 հոկտեմբերին Լիբանան հիւրընկալէ Արաբական ակումբներու 24-րդ ախոյեանութիւնը` Ղազիրի մէջ:

Կազմուեցաւ Լիբանանի պատուիրակութիւնը, որ 14-20 սեպտեմբերին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Քուէյթի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական ազգային խումբերու 23-րդ ախոյեանութեան:

Պատուիրակութեան նախագահն է Լիբանանի փինկի փոնկի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ահմետ Արաքճի: Անոր մէջ են` Ուիսամ Շիրի (ֆետերասիոնի անդամ), Մոհամետ Աթիէ, Քամիլ Ախտար, Յակոբ Ոսկերիչեան (մարզիկներ), ինչպէս նաեւ ֆետերասիոնին գանձապահը` Ուաէլ Նուրէտտին, որ Արաբական ֆետերասիոնին անդամ է, ինչպէս նաեւ ֆետերասիոնի անդամ Ժոզեֆ Աքիքի, որ միեւնոյն ժամանակ միջազգային իրաւարար է:

Ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց նաեւ, որ կիրակի, 25 նոյեմբերին, Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենայ ֆետերասիոնին տարեկան համագումարը, որուն պիտի յաջորդեն նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները (կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին):

 

Share this Article
CATEGORIES