Հայաստան Պիտի Ունենայ Իր Երկրորդ Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը

Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ ստեղծուած է Արցախի ազգային հաւաքական, որ բարեկամական մրցումներ պիտի կատարէ անծանօթ երկիրներու ֆութպոլի խումբերուն դէմ:

Արցախի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրաւէրով, հաւաքականին մէջ ընդգրկուած են հայկական ակումբներու մաս կազմող ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին յիշատակելի են Կարէն Ալեքսանեան, Տիգրան Դաւթեան, Լեւոն Փաչաճեան եւ Անդրանիկ Պարիքեան (Շիրակ Գիւմրիէն):

Մէջբերելով Գիւմրիի մամլոյ քարտուղարութեան կատարած յայտարարութիւնը` Armsport.am կը նշէ, որ արդէն իսկ խումբը ամբողջութեամբ ձեւաւորուած է, եւ այս օրերուն 22 ֆութպոլիստներ ուսումնամարզական հաւաք կը կատարեն Աւանի Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ:

Արցախի հաւաքականը փաստօրէն պիտի ըլլայ Հայաստանի երկրորդ ֆութպոլի ազգային հաւաքականը:

Երէկ, Հայաստանի երկրորդ հաւաքականը կատարեց երկկողմանի հանդիպում մը, իսկ 25 սեպտեմբերին խումբը պիտի մեկնի Աբխազիա, ուր մրցում մը պիտի կատարէ այդ երկրի հաւաքականին դէմ: Իսկ մէկ ամիս ետք այդ խումբերը արդէն իսկ մրցում պիտի կատարեն Երեւանի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )