Արուեստի Աշտարհէն. Ի՞նչպէս Կարդալ Բանաստեղծութիւն Մը
Պատրաստեց՝ Լ.ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՀԱՐՑՈՒՄԸ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ ՉԷ: ՍԱԿԱՅՆ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ ԱՆՈՐ ԿԸ ՄՕՏԵՆԱՅ ՏԱՐԲԵՐ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆՆԵՐԷ` ՄԹԵՐՈՒԱԾ ԿԱԽԱՐԴՈՒԹԵԱՆ, ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԿԵՐՊԱՐԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ՀՐԱՇԱԼԻՔ ՄԸ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱԿՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ:
«Զիս հետաքրքրող միակ կերպարանոփոխութիւնը ամբողջական կերպարանափոխութիւնն է, որքան ալ փոքր ըլլայ անիկա,- կը գրէ Սիւզըն Սոնթակ իր օրագրութեան մէջ:- Կ՛ուզեմ, որ անձի մը կամ արուեստի գործի մը հետ իմ հանդիպումս փոխէ ամէն ինչ»: Գրական աշխարհին նկատմամբ իտէալապաշտ մօտեցում ցուցաբերող ոեւէ անձ այս հաստատակամ պահանջը կրնայ կիրարկել գրաւոր որեւէ բանի հետ իր հանդիպումին առիթով:
Էտուըրտ Հըրշ գրած է «Հաու թու ռիտ է փոէմ» (ինչպէ՞ս կարդալ բանաստեղծութիւն մը) վերնագիրով արդի դասական գործ մը, որ գեղեցիկ խորհրդածութիւն մըն է բանաստեղծութեան եւ ամբողջական կերպարանափոխութեան մասին: Հեղինակը զայն կը կոչէ «մթերուած կախարդութիւն»: Գիրքին առաջին գլուխին մէջ կը կարդանք հետեւեալը.
«Քնարերգական բանաստեղծութիւնը կը ձգտի կախարդել ժամանակը: Անիկա կ՛անցնի սահմանագիծերը եւ կը մականցէ ժամանցելին: Անիկա կը ձգտի պարտութեան մատնել մահը, կու գայ խանգարելու քեզ, եւ` մխիթարելու («Այս տաղերը գրուած չեն հասկնալու համար, կը հասկնա՞ք,- կը գրէ Ճոն Պերիմէն իր «Տրիմ սոնկզ» շարքին վերջին բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ:- Անոնք գրուած են պարզապէս սարսափեցնելու համար, եւ` ամոքելու»): Բանաստեղծը կը մղուի ստեղծելու այնպիսի գործ մը, որ կրնայ ուղղուիլ ժամանակէն անդին եւ յաղթահարել հեռաւորութիւնը, կամրջել վիհը այլապէս իրարու անծանօթ անձերու միջեւ: Անիկա կրնայ վերապրիլ լեզուական փոփոխութիւններէն, ընկերային ընդունուած սովորութիւններէն եւ պատմութեան աւերէն: Ռոպըրթ Կրէյվզ այսպէս կը գրէ իր «Տը ուայթ կատես» բանաստեղծութեան մէջ.
«Բանաստեղծական ճշմարիտ վարժութիւն մը կ՛ենթարդէ ունենալ այնպիսի հրաշալի կերպով լարուած ուղեղ մը, որ կրնայ դիպուածէն անդին` բառերու շարք մը վերածել ապրող ամբողջութեան մը: Այսինքն` ստեղծել բանաստեղծութիւն մը, որ շարունակէ ապրիլ ինքն իր ձեւով (հաւանաբար դարեր շարունակ, հեղինակին մահէն ետք), իր մէջ մթերուած կախարդութեամբ իր ներգործութիւնը ունենալով ընթերցողին վրայ»:
«Կը հաւատամ, թէ նման մթերուած կախարդութիւն մը կրնայ ընթերցողին մէջ ստեղծել ստեղծագործութեան առթած զարմանքին եւ ապրող բանի մը նկատմամբ ստեղծագործական հակազդեցութեան նման բան մը (Կրէյվզ տառացիօրէն համոզուած է իր կատարած հաստատումին): Ընթերցողը կ՛աւարտէ բանաստեղծութիւնը` զայն նոյնացնելով իր անցեալի փորձառութիւններուն հետ: Բանաստեղծութիւն կը կարդաք, այսինքն իրապէ՛ս բանաստեղծութիւն կը կարդաք, երբ կը զգաք, թէ դէմ յանդիման կը գտնուիք բանաստեղծութեան մը եւ փոփոխութեան կ՛ենթարկուիք անոր կողմէ, երբ կը զգաք անոր ընդյատակեայ ցնցումները, ձեր սեփական խորքին լսուող ձայները: «Չկայ անկիւն մը, որ չի տեսներ ձեզ,- կը գրէ Ռայնըր Մարիա Ռիլքը իր «Ապողոնի հնադարեան իրանը» բանաստեղծութեան ցնցիչ վերջաբանին մէջ:- Պէտք է փոփոխութեան ենթարկէք կեանքը»:

