Սաատ Հարիրի. «Հըզպալլա Պէտք Է Վերջ Տայ Դէպի Սուրիա Զէնքի Մաքսանենգումին»
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Էլիզէի պալատին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի կողմէ ընդունուելէ ետք յայտարարեց, որ հանդիպումին ընթացքին ինք նախագահ Հոլլանտին շնորհակալութիւն յայտնած է Լիբանանի անկախութեան զօրակցելու, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ընդմէջէն Լիբանանի խաղաղութեան հսկելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքներուն զօրակցելու առումով:
Հարիրի նշեց նաեւ, որ ինք Հոլլանտի հետ քննարկած է Փարիզի օժանդակութիւնը սուրիացի ժողովուրդին` աւելցնելով, որ բոլորը պէտք է դէմ դնեն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի գործած սպանդներուն:
Սաատ Հարիրի յայտնեց նաեւ, որ սուրիական յեղափոխութեան շրջագիծին մէջ, Հըզպալլա ոչ հասուն դերակատարութիւն կ՛ունենայ: «Կարելի չէ ընդունիլ, որ լիբանանցիներ կռուին ոճրագործ վարչակարգի մը կողքին: Հետեւաբար, Հըզպալլա պէտք է վերջ տայ դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումին: Եթէ ան կը փափաքի քաղաքական կեցուածքներ որդեգրել, ապա ազատ է, սակայն սուրիացի ժողովուրդին սպանութիւնը ոճիր է», ըսաւ ան:
Սուրիոյ նկատմամբ չէզոք քաղաքականութիւն որդեգրելու ծիրին մէջ Հարիրի շեշտեց, որ ինք այդ քաղաքականութեան եւ կեցուածքին դէմ է, որովհետեւ սուրիական բանակը կը ռմբակոծէ նաեւ սահմանամերձ շրջանի լիբանանեան գիւղերը:
Հարիրի ընդգծեց, որ Սուրիոյ մէջ միջազգային պատուիրակ Լախտար Իպրահիմին սուրիացիներուն պէտք է օժանդակէ, եւ եթէ անոր առաքելութիւնը յաջողի, ապա ան սուրիացիներուն մեծապէս նպաստած կ՛ըլլայ: