Սապունճեան Ընդունեց Քորէայի Դեսպանը

Սապունճեան եւ Քորէայի դեսպանը

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Քորէայի դեսպանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Նախարար Սապունճեան ստացաւ Քորէա այցելութեան հրաւէր մը, որուն պիտի ընդառաջէ յառաջիկայ 2 հոկտեմբերին:

Միւս կողմէ, նախարար Սապունճան յառաջիկայ երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2012-ին, Տըպպայէի «Լը Ռոայեալ» պանդոկին մէջ հրաւիրեց հանդիպումի մը, որուն ներկայ պիտի գտնուին Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահն ու գործատէրերը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )