Լիբանան Այսօր Կ՛ընդունի Պենետիկտոս Ժզ. Պապը

Լիբանան այսօր պիտի ընդունի Պենետիկտոս ԺԶ. պապը, որ պատմական այցելութեամբ մը առաջին անգամ ըլլալով պիտի այցելէ Լիբանան, ուր պիտի պատարագէ եւ պիտի փոխանցէ իր «Առաքելական յորդորը»:

Այս առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ շրջապտոյտ մը կատարեց` ստուգելու համար պապը դիմաւորելու նախապատրաստական աշխատանքները:

Պալատի լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ պապին Լիբանան այցելութիւնը կը հակադրուի իսլամական կրօնին եւ Մոհամետ մարգարէին դէմ պատրաստուած ժապաւէնին:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց բոլորին ամէն ջանք ի գործ դնելու` յաջողցնելու համար այս այցելութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան ձերբազատած է ապահովական միջադէպերէն:

Նախագահ Սլէյման աւելցուց, որ պապը Պաապտա պիտի այցելէ վաղը` շաբաթ օր, ուր պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը տարբեր քաղաքակրթութիւններուն միջեւ երկխօսութեան պատգամ է:

«Լիբանանի կացութիւնը բացառիկ է, եթէ զայն բաղդատենք շրջանին մէջ տիրող պայմաններուն: Լիբանանի մէջ արձանագրուած բոլոր լարուածութիւններն ու ապահովական միջադէպերը անվերադարձ մեկնած են», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման դատապարտեց իսլամական կրօնը եւ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող ժապաւէնը, որ վատ է եւ վնաս կը հասցնէ ընդհանուր ազատութեան ու մարդկային իրաւունքներուն:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ այդ ժապաւէնին դէմ արձանագրուած բիրտ հակազդեցութիւնը նաեւ կարելի չէ արդարացնել` աւելցնելով, որ հակազդեցութեան իմաստով եւս Լիբանան օրինակելի է:

Նշենք, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Սլէյմանի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Պապը նախագահական պալատին մէջ բացումը պիտի կատարէ նաեւ Մար Շարպել նորակառոյց մատրան եւ պիտի օրհնէ զայն:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ցաւակցագիր մը յղեց Միացեալ Նահանգներու հանրապետութեան նախագահ Պարաք Օպամային` Լիպիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին սպանութեան առիթով:

Share this Article
CATEGORIES