ԵԱՀԿ-ի Դիտարկումը Կատարուեցաւ Առանց Միջադէպերու
Նախանցեալ օր ԵԱՀԿ-ի դիտորդական խումբը դիտարկում կատարեց ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ` Օմարի լեռնանցքին մօտ:
Դիտարկումը անցաւ առանց միջադէպերու:
Հայկական կողմէն դիտարկումը կատարեցին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք եւ անոր դաշտային օգնականներ Խրիսթօ Խրիսթով, իսկ ազրպէյճանական կողմէն` ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Իրժի Ապերլէ եւ Ուիլիըմ Փրայըր:
CATEGORIES Հայկական

