Եւրոպական Խորհրդարանը Որդեգրեց Սաֆարովի Հարցին Վերաբերող Բանաձեւը

Եւրոպական խորհրդարանը երէկ ընդունեց Ռամիլ Սաֆարովի հարցին վերաբերող բանաձեւը:

Բանաձեւին մէջ նշուած է հետեւալը.

«Իբրեւ հիմք ընդունելով Ազրպէյճանի մէջ տիրող իրադրութեան մասին ընդունած իր նախորդ, յատկապէս` մարդկային իրաւունքներու վերաբերեալ բանաձեւերը, Ռամիլ Սաֆարովը ազատ արձակելու առնչութեամբ Եւրոպական Միութեան կառոյցներուն յայտարարութիւնը` հրապարակուած 3 սեպտեմբերին, ըստ որուն` Հունգարիան գործած է իր միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան (արտայանձնման վերաբերեալ միջազգային օրէնքին մէջ ամրագրուած փորձը, արտայանձնման վերաբերեալ Եւրոպական յանձնախումբին, մասնաւորաբար` Դատապարտեալներու արտայանձնման մասին դաշինքը, Ազրպէյճանի արդարադատութեան փոխնախարար Վիլայաթ Զահիրովի պաշտօնական նամակը` ուղղուած Հունգարիոյ հանրային կառավարման եւ արդարադատութեան նախարարին) Եւրոպական խորհրդարանը կը նկատէ, որ նախագահ Ալիեւի կողմէ այսպիսի ժամկէտներու մէջ ներում շնորհելը հարցականի տակ կը դնէ Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանին յանձնելու խնդրագիրի դրդապատճառները, որոնք չեն համապատասխաներ 15 օգոստոսին Հունգարիոյ ուղղուած` Ազրպէյճանի փոխնարարար Վիլայաթ Զահիրովի նամակի բովանդակութեան:

Իբրեւ հետեւանք` 31 օգոստոս 2012-ին Հայաստան կասեցուց իր յարաբերութիւնները Հունգարիոյ հետ:

Բանաձեւին համաձայն, հայ զինուորի մարդասպանին ներում շնորհելը կը սրէ շրջանային լարուածութիւնը: Հաշուի առնելով վերը նշուածները` Եւրոպական խորհրդարանը`

1) Ափսոսանք կը յայտնէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանի մէջ մեծ շուքով ընդունելու, ինչպէս նաեւ անոր գնդապետի կոչում շնորհելու եւ ժամանելուն պէս անոր` իր 8 տարուան աշխատավարձի չափով գումար շնորհելու առնչութեամբ:

2) Կը քաջալերէ Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը` շարունակելու հաշտեցման հոլովոյթը:

3) Կը նշէ, որ Ընկերակցութեան համաձայնագիրը, որուն ստորագրման շուրջ Ազրպէյճանի հետ ներկայիս բանակցութիւններ կ՛ընթանան, կ՛ընդգրկէ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ խթանման դրոյթներ եւ չափանիշեր, որոնց պէտք է հետեւիլ:

4) Կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն ջանքեր գործադրելու` բարեփոխելու համար դատական ամբողջ համակարգը, մասնաւորաբար` դատական կարգով հետապնդման, դատավարութեան, դատապարտման, բանտարկութեան եւ բողոքարկման հոլովոյթները:

5) Կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին` ենթարկուելու այս երկրին մասով Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին արձակած բոլոր վճիռներուն:

6) Կը յանձնարարէ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահին, որպէսզի ան այս բանաձեւը փոխանցէ Եւրոպայի խորհուրդին, յանձնախումբին, Եւրոպական արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան, Ազրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու կառավարութիւններուն եւ խորհրդարաններուն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )