Հարցազրոյց Սփիւռքահայ Երգիչ Նշան Ջաղացպանեանին Հետ
«Ծնողներուն Ճիտին Պարտքն Է Իրենց Զաւակներուն
Մօտ Շեշտելու Հայ Երգին Նկատմամբ Սէրը»
«Ազդակ»-ին Ըսաւ Երգիչ Նշան Ջաղացպանեան
Ընդհանրապէս, երբ կը խօսինք ու կ՛արժեւորենք երգի ու առհասարակ արուեստի մշակներու արժանիքները, ինքնաբերաբար տրամադրուած կ՛ըլլանք, թէ մեր դիմացինը մասնագիտական բարձր վկայականներով օժտուած ու յիշարժան մրցանակներու տիրացած արուեստագէտ է: Սակայն երբեմն ականատես կ՛ըլլանք ասոր հակառակին, երբ զարմացած կը նկատենք, թէ մեր խօսակիցը պարզ ու համեստ կարողութիւններով, ոչինչէն ինքզինք կերտած, բնատուր ձիրքով, ինքնաշխատութեամբ մաքառած է նուաճելու յարգուած ու բարձր դիրքեր` առաւել եւս խորացնելով մեր գնահատանքն ու յարգանքը անոնց հանդէպ: Այսպիսիներուն օրինակները շատ են հայ իրականութեան զանազան մարզերու` արուեստի, գրականութեան, մամուլի թէ այլ բնագաւառներու մէջ: Ահա այս սերունդին կը պատկանի (նախկին) լիբանանահայ երգիչ Նշան Ջաղացպանեան, որ լիբանանեան պատերազմի փոթորիկէն տարուած, ինք ալ, շատերու նման, խարիսխ նետած է հեռաւոր ամերիկաներու ափերը:
Վերջերս ան այցելեց Լիբանան` մաս կազմելու Մուսա Լերան 100-ամեակի տօնակատարութեան գեղարուեստական յայտագիրին, Այնճարի մէջ: Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ: Ստորեւ` հարցազրոյցին հիմնական մասերը:
«ԱԶԴԱԿ».- Ուրկէ՞ ո՛ւր այս սէրը` հայ երգին նկատմամբ: Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս սկսաք երգարուեստի ձեր սկզբնական քայլերը:
ՆՇԱՆ ՋԱՂԱՑՊԱՆԵԱՆ.- Հայրս եղած է սեբաստացի, որ Եղեռնէն ճողոպրելով` հասած է Հալէպ, ուր եւ հաստատած է իր ընտանիքը: Ան հարկադրաբար իր ետին թողած ինչքերէն ու հարստութենէն ոչինչ ունէր իբրեւ ժառանգ փոխանցելիք ինծի, բացի սիրոյ եւ գուրգուրանքէ` հայ ինքնութեան ու մշակոյթին հանդէպ: Հոսկէ` շատ ազդուած եմ ծնողքէս ու փոքր տարիքէս սիրած եմ հայ երգն ու երաժշտութիւնը: Պատանի տարիքէս մասնակցած եմ Ս. Նշան եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբին` ղեկավարութեամբ Վարդան Սերայտարեանին: Նմանապէս, որոշ հանգրուաններու մաս կազմած եմ «Քնար» ու ապա «Շնորհալի» երգչախումբին` ղեկավարութեամբ հանգուցեալ Գէորգ Գանտահարեանին: Նմանապէս գործակցած եմ «Սայաթ Նովա» երգչախումբին հետ` ղեկավարութեամբ հանգուցեալ Սեդրակ Էսմերեանին: Ինծի համար հայ երաժշտութիւնը նուիրական զգացում կը ներշնչէ: Այդ պատճառով ալ անձնական կահ-կարասիներու արհեստանոցիս կողքին, մնայուն կերպով հետեւած եմ հայ երաժշտութեան` փորձելով զարգացնել երաժշտական իմ ձիրքս ու կարողութիւններս: Շնորհիւ կարգ մը բարեկամներու աջակցութեան` 1973-ին հրապարակեցի երաժշտական իմ առաջին սկաւառակս ««Ինչ իմանայի» խորագրով, որ կ՛ընդգրկէր համանուն երգի կողքին, այդ օրերու հանրածանօթ շատ մը երգեր: «Ինչ իմանայի» երգին բառերը գրած է Ռոզի Մելիքեան, իսկ երաժշտութիւնը յօրինած` Արտեմ Միջինեան: Իմ անդրանիկ այդ սկաւառակս օրին կարելի եղաւ ցրուել սփիւռքահայ զանազան գաղութներու մէջ (Կիպրոս, Եգիպտոս…)` գլխաւորաբար շնորհիւ հանգուցեալ Դանիէլ Մածունեանին:
«Ա.».- Նաեւ ելոյթներ ունեցած էք հայրենիքի մէջ: Կ՛ուզէ՞ք խօսիլ այդ մասին: Ճի՞շդ է, որ երաժշտութեան կողքին, դուք նաեւ բարերար եղած էք հայրենի ազգօգուտ կառոյցներու` նիւթապէս մասնակցելով անոնց շինարարական ծախսերուն, ինչպէս` Շուշիի երաժշտանոցի հիմնումը եւ այլն:
Ն. Ջ.- Շուշիի պարագան ճիշդ է եւ իմ ելոյթներուս ընթացքին ես միշտ ալ նախապայման չեմ նկատած նիւթական ակնկալութիւնս: Իսկ հայրենիքը միշտ իմ սրտիս մէջ է, եւ ես խորապէս երախտապարտ եմ հայրենի բոլոր արուեստագէտներուն ու երգիչ թէ երգահաններուն, որոնք հայրենիք կատարած առաջին իսկ այցելութենէս սկսեալ ջերմօրէն քաջալերեցին զիս, անհրաժեշտ ցուցմունքներն ու թելադրանքները կատարելով: Յատուկ կերպով կ՛ուզեմ յիշել Հայաստանի Երգահաններու միութեան նախագահ, երաժշտագէտ Էդուարդ Միրզոյեանը, որուն միջամտութեամբ ծանօթացայ ու գործակցեցայ հայրենի պետական ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի երգչախումբի ղեկավար Մանուէլ Բեգլարեանին հետ:
«Ա.».- Հայրենիքի թէ սփիւռքահայ զանազան գաղութներուն տուած ձեր այցելութիւններու ընթացքին վստահաբար առիթ ունեցաք հանդիպելու, զրուցելու, նոյնիսկ միասնաբար բեմ բարձրանալու եւ երգելու անուանի ու հեղինակաւոր հայ արուեստագէտ երգիչներու հետ: Ինչպէ՞ս տպաւորուած էք եւ ի՞նչ կը յիշէք այդ պահերէն:
Ն. Ջ.- Այո, հանդիպած ու գործակցած եմ բարձրորակ արուեստագէտ երգիչներու թէ երաժշտահաններու հետ, ինչպէս` Էդուարդ Միրզոյեանի, Յովհաննէս Բադալեանի, Լէյլա Սարիբեկեանի, Էդիկ Բեգլարեանի եւ շատ ուրիշներու հետ: Իսկ Լիբանանէն` Լեւոն Գաթրճեանին, Սեդրակ Օվիկեանին եւ այլն: Բայց ամէնէն աւելի զիս տպաւորած է հայրենի տաղանդաւոր երգիչ Յովհաննէս Բադալեանը, որուն երբ հանդիպեցայ Լոս Անճելըս կատարած իր այցելութեան ընթացքին եւ ձայներիզներս նուիրեցի իրեն, թելադրեց, որ յառաջիկայ երգերուս բառերը նուիրուած ու յատկացուած ըլլան Արցախին ու Հայ դատին:
«Ա.».- Յիշելով Արցախն ու Հայ դատը` բնաւ այս ուղղութեամբ երգ երգա՞ծ էք: Եթէ այո, կրնա՞ք յիշել ձեր երգերէն մէկը: Ընդհանրապէս հայ երաժշտութեան ո՞ր մարզերուն վրայ կեդրոնացած են ձեր երգերը: Բեմին վրայ ինչպիսի՞ միջոցներ կամ «թեքնիքներ» կ՛որդեգրէք ներգրաւելու համար հանդիսատեսը:
Ն. Ջ.- Այո, հայրենիքէն վերադարձիս արդէն իսկ հրապարակեցի «Իմ ընկերներ» խորագրեալ հայ ազատամարտիկներուն նուիրուած սկաւառակս: Նաեւ ունիմ Պուրճ Համուտի քաջարի տղոց նուիրուած երգ մը, որուն երաժշտութիւնը յօրինած է Գայեանէ Խաչատրեան, իսկ բառերուն օժանդակած է Գէորգ Տիշչեքենեան: Նմանապէս, ունիմ ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանին ու Լիզպոնի անմոռանալի հերոսներուն նուիրուած երգեր: Իմ երգած աւելի քան 200 երգերը կ՛ընդգրկեն` ժողովրդային, էսդրատային, ազգային ու յեղափոխական գրեթէ բոլոր մարզերը: Ունիմ 7 խտասալիկ, իւրաքանչիւրը` 20 երգերով եւ 4 «Տի. Վի. Տի.»: Բեմին վրայ երգած միջոցիս միաժամանակ ետիս կախուած պաստառէն կը ցուցադրուի երգած երգիս վերաբերող աշխարհագրական շրջանը` փորձելով ներգրաւել հանդիսատեսն ու զայն փոխադրել դէպի այդ շրջաններու մթնոլորտին մէջ: Օրինակ` Պուրճ Համուտի մասին երգած ատենս ետիս կը պարզուին Պուրճ Համուտէն տեսարաններ…
Պուրճ Համուտի հերոսներ,
Պուրճ Համուտի կտրիճներ,
Կը հսկեն մութ գիշերներ,
Նուիրական իմ ժողովուրդ,
Քեզ ենք պաշտպան միշտ յաւիտեան:
Ազիրեանի հերոս ընկերներ,
Զէնքը ձեռին կը վազվզեն,
Մահէն երբեք ալ վախ չունին,
Հայ պատիւը վեր կը պահեն:
«Ա.».- Երգերու շարադրութեան թէ յօրինման մէջ որո՞նց հետ գործակցած էք ու կը գործակցիք:
Ն. Ջ.- Այս գծով ինծի մեծապէս օգտակար եղած է այժմ ամերիկաբնակ մօրեղբայրս` գրող Գասպար Գասպարեանը: Իսկ ներկայիս Լիբանանի մէջ մեծապէս ինծի կ՛օժանդակէ արուեստագէտ-քննադատ` Սեդօ Պաղտասարեանը:
«Ա.».- Կարգ մը հայ «երգիչ»-ներ կը ցանկան արագօրէն գագաթներ նուաճել եւ կը դիմեն դիւրին ու աժան միջոցառումներու: Կ՛ակնարկեմ` օտար մշակոյթէ բանագողութիւն կատարող ու յատկապէս թրքական երաժշտութեամբ հայերէն վատորակ երգերով ելոյթ ունեցող ինքնակոչ երգիչներու: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին:
Ն. Ջ.- Բացարձակապէս դէմ եմ նման աժան քարոզչութեան: Հայ երգը նաեւ հոգեկան միութեան կապ է ու հայ լեզուին չափ նաեւ հայ երգը կոչուած է հայապահպանումի առաքելութեան: Եւ հոս խիստ կարեւոր է հայ ծնողներուն դերը, եւ իրենց ճիտին պարտքն է` իրենց զաւակներուն մօտ փոքր տարիքէն շեշտելու հայ արուեստի ու երգի նկատմամբ սէրն ու գուրգուրանքը:


