Ծանօթացման Կարգով. Աւիկ Տէյիրմէնճեան. «Անափ Կարօտ»ի Քնքշաձայն Երգիչը

Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

Հեռաւոր Ամերիկայի խորերէն հասած նուրբ, քնքշաձայն, վճիտ ու ազնիւ տաղերգութիւն մըն է Աւիկ Տէյիրմէնճեան (գրչանունով` Աւիկ Դերենց) անուն այս անծանօթ տղուն քերթողութիւնը: Արեւելքի վարարուն լոյսով, կենսայորդ ջերմութեամբ, սիրոյ եւ կարօտի թափանցիկ ապրումներով ու հարուստ կենսափորձի մը գրաւիչ կենսափիլիսոփայութեամբ պայծառացած քնարերգութիւններու ընտիր քերթողագիրք մը`  «Յոյս եւ լոյս» (Երեւան, 2011, 223 էջ) եւ երկու խտասալիկ` «Անափ կարօտ» ու «Վառել լոյսերը հոգու…» բարացուցական խորագիրներով:

Անծանօթ անուն մըն է 1957-ին Երեւան ծնած եւ 1976-ին Պոսթոն փոխադրուած այս համակրելի քնարերգակը, որ, կը հաւատանք, իր հրապարակ իջնելէն ետք պիտի ըլլայ եւ մնայ ծանօթ ու փնտռուած անուն մը` Հայաստանէն ամերիկեան ափեր տեղափոխուած քանի մը տասնեակ բանաստեղծներու խայտաբղէտ խումբին մէջ: Առաջին քերթողագիրքով իր գրական շնորհներն ու արդէն ձեւաւորուիլ սկսած դիմագիծը պարզած Աւիկ Տէյիրմէնճեան ունի այն բոլոր տուեալները, որոնք կ՛երաշխաւորեն բանաստեղծին խոստմնալի ապագան: Նորին վսեմութիւն պարզութեան բացայայտ պաշտամունքը, ապրումին կրակով բիւրեղացած շղարշային պայծառութիւնը, տողերուն հետ հոսող սիրոյ տաք շունչին անբռնազբօս հասունացումը, յոյսի եւ լոյսի կարօտաբաղձ զգացողութեամբ շիկացած խիտ ու բաբախուն ոճը եւ ինքնախոստովանութիւններուն անկեղծութեամբ կարկաչող տողերուն թելադրական քաղցրութիւնը անհերքելի արժանիքներ են, որոնք կրնան Աւիկ Տէյիրմէնճեանի սիրերգութիւնը առաջնորդել դէպի նոր հորիզոններ: Էականը, այս պարագային, տքնաջան աշխատանքն է, ինքնակատարելագործման հետեւողական մրցավազքը, որուն մրցուղիին վրայ ոտք դրած այս բանաստեղծը իրաւունք ունի հաստատելու, թէ իր անդրանիկ քերթողագիրքով տրուած խոստումը չի կրնար պարզ խոստում մը մնալ:

Մանրամասնենք եւ ըսենք, որ յոյսի եւ լոյսի բեւեռներուն միջեւ լիացող Աւիկ Տէյիրմէնճեանի քերթողութիւնը կը կեդրոնանայ հայրենիք, սէր, մարդ եւ կեանք հիմնասիւներուն վրայ, որոնք կը կազմեն բանաստեղծին ներքին աշխարհը, հաւատարիմ հայ դասական քերթողութեան, բայց յատկապէս արեւելահայ քնարերգութեան մայր յատկանիշներուն: Հոս կայ Վահան Տէրեանի քերթողութեան իւրայատուկ բառի եւ մեղեդիի համադրութեան արուեստը, Յովհաննէս Թումանեանի թէկուզ թախծաշեշտ, բայց նոյնքան եւ ա՛լ աւելի լաւատես կենսափիլիսոփայութիւնը, Յովհաննէս Շիրազի անմնացորդ հայրենապաշտութիւնը (սակայն առանց շիրազեան հռետորաշունչ զօրութեան ու բառերուն թափին), Համօ Սահեանի բնութենապաշտ խտացեալ պարզութեան գերզգայուն թելադրականութիւնը եւ Վահագն Դաւթեանի քերթողական ձեռագիրին նրբաճաշակ ու առինքնող ճշգրտութիւնը:

«Երկրային դրախտ», «Անմեկնելի աշխարհ», «Սիրոյ շամանդաղ» «Աստղազարդ հեքիաթ», «Քառեակներ», խորագրեալ քերթուածաշարերէն եւ անոնց յաջորդած «Խոհեր ու խոկումներ» մտածումներէն կազմուած «Յոյս եւ լոյս» քերթողագիրքը, ինչպէս ըսինք, կը դառնայ հայ գրականութեան, ինչու չէ` նաեւ համաշխարհային բանաստեղծութեան մէջ այնքան ծեծուած ու սպառած ընդհանրական սիրոյ եւ կարօտի թեմային շուրջ: Բարեբախտաբար, բառի ներքին զօրութեան խոր իմացութեամբ եւ գեղագէտ գրողի արժանիքով օժտուած Աւիկ Տէյիրմէնճեան կը յաջողի հեռու մնալ համաշխարհային գրականութեան մէջ անգերազանցելի գոհարներ դարձած գլուխ-գործոցներուն ծանօթ որակներէն եւ գրական լուծումներէն:

Պէտք է աւելցնել, որ բանաստեղծին կարճ ու թափանցիկ տաղերը առաջին իսկ հայեացքով կը գրաւեն ուշադրութիւնը ընթերցողին` իրենց «աննիւթեղէն շինուածքին» առանձնայատկութիւններով: Արցունքի կաթիլի պէս վճիտ եւ սրտէն դէպի շուրթեր բարձրացած խոստովանութիւններու նման անկեղծ ու անմիջական մանրանկար սիրերգութիւններ են քերթողին հոգու եւ մտքի լուսաշառայլ, հոգեթրթիռ եւ կուռ բանաստեղծութիւնները: Իրերայաջորդ հինգ քերթուածաշար եւ 173 բանաստեղծութիւններ ու 40 քառեակներ, որոնց վրայ եթէ գումարենք հատորին վերջին 11 էջերը գրաւած «Խոհեր ու խոկումներ» մտքի կայլակներն ու երկու խտասալիկներուն 17 տաղերը` կ՛ունենանք ամբողջութիւնը Աւիկ Տէյիրմէնճեան քնարաշունչ քերթողին գրական առաջին բերքին, որ թարմ է եւ քաղցրահամ` ինչպէս «անափ կարօտ»ի տոչորումներէն ջերմութիւն ու գրաւչութիւն քաղած իր «հոգու լոյսերը»…

 

Share this Article
CATEGORIES