Խմբագրական. Հայրենի Մուսա Լեռ – Հայկական Այնճար -Պատմական Մուսա Լեռ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 97-Ամեակին Առիթով)

Այս օրերուն ուշագրաւ երեւոյթի կը վերածուին Մուսա լերան հերոսամարտի նշումները, ոգեկոչական ձեռնարկները, հոգեւոր, ազգագրական, թէ մշակութային բնոյթի տարբեր նախաձեռնութիւնները: Այս բոլորը գրեթէ միաժամանակ տեղի կ՛ունենան թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ սփիւռքի մէջ իբրեւ եզակի երեւոյթ առանձնացող Այնճար հայկական աւանին եւ թէ՛ պատմական Մուսա լերան մէջ հայութեան մնացորդացին կողմէ: Եռամիասնութիւնը խորհրդանշող յոբելեանն է ուրեմն, որ ամէն տարի կը յիշէ, կը յիշատակէ, նոր սերունդներուն ուղերձներ կը փոխանցէ եւ այդ բոլորին ճամբով իբրեւ պատգամ կը պատէ հայկական երկնակամարը:

Հերոսապատում է, որ կը յիշատակուի եւ այդ ձեւով կը խօսի ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ դնելու, զինուորական դիմադրութիւն ցոյց տալու, ինքնակազմակերպուելու եւ ժողովուրդը փրկելու հրամայականներուն մասին:

Հայ ժամանակակից պատմագրութիւնը տակաւին ճիշդ ու առարկայական գնահատականը կու տայ պատմակերտ այս հերոսապատումին, որ ազգի շարունակականութեան համընդհանուր երթին մէջ կարեւոր օղակ կը կազմէ:

Մուսա լեռը սակայն իր ոգեկոչման ներկայի միջավայրերով նոյն այդ շարունակականութեան երթին վրայ հաստատ արձանագրութիւններ պահելու խորհուրդները կը շարունակէ փոխանցել: Տեղահանուած ժողովուրդը թէ մնացորդացը, փաստօրէն այսօր կը շարունակեն գոյերթը` հակառակ իւրաքանչիւր միջավայրի յստակ տարբերութիւններուն, քաղաքական արգելքներուն, բազում խոչընդոտներուն:

Հայրենի Մուսա լեռը գիտցաւ ազգագրական իր դիմագիծը պահպանել խորհրդային տարիներուն: Տօնե՛ց իր հերոսամարտը, պատգամն ու ջահը կրցաւ հասցնել այսօրուան մուսալեռցի հայրենի երիտասարդներուն:

Հայկական Այնճարը գաղթականութեան, տեղահանութեան մոխիրներէն յարութիւն առաւ, ինքնակազմակերպման գեղեցկագոյն օրինակը տուաւ եւ ամբողջ սփիւռքի մէջ կրցաւ վերածուիլ օրինակելի հայաբոյր, միատարր հայկական գիւղի:

Պատմական Մուսա լերան այսօրուան մնացորդացը ապրեցաւ ողբերգութիւնը, մնաց կառչած իր հողին, ցուցաբերեց բացառիկ հմտութիւն` եկեղեցի, դպրոց եւ հայերէնախօսութիւն պահելու` դառնալով դարձեալ եզակի միջավայր բռնագաղթուած հայկական աշխարհին մէջ:

Մուսա լերան եւ մուսալեռցիներու հերոսական արարքներուն, ցոյց տուած դիմադրողականութեան, վերակազմակերպուածութեան բարձր մակարդակին եւ հակառակ պայմաններու պարտադրած արգելքներուն`  դժուարութիւնները յաղթահարելու հաւաքական կամքին արդիւնքն են, այն ինչ որ ունինք այսօր թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ սփիւռքի Այնճարին եւ թէ՛ պատմական Մուսա լերան` Եուղունուլուքի մէջ:

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին նախաշեմին ենք: Այս երեք միջավայրերուն միջեւ ցանցային աշխատանքի իրականացումը իբրեւ անհրաժեշտութիւն ինքզինք կը յուշէ: Հայկական ընդհանուր առաջադրելի համայնապատկերի մը մանրանկարը կրնայ նկատուիլ հայրենի Մուսա լեռ-հայկական Այնճար-պատմական Մուսա լեռ  ներկայ իրավիճակը, որ դիմադրութեան, կազմակերպուածութեան, ստեղծագործութեան, զարգացման եւ հայկական արժէքային համակարգի պահպանման վառ ապացոյց է:

Share this Article
CATEGORIES