50 Տարի Առաջ ( 17 Սեպտեմբեր 1962 )

Խմբագրական

Սուէտիոյ Հերոսամարտին
Տարեդարձը

Ժամանակակից մեր պատմութիւնը սուգ ու աւեր միայն կտակած պիտի ըլլար յետնորդ սերունդներուն, եթէ նաեւ սրբազան ըմբոստութեանց, հերոսամարտերու եւ ազատութեան խոյանքներու շղթայով մը փա՜ռք եւ պատիւ փոխանցած չըլլար ապրողներուն:

Թուրքիոյ բոլոր ծագերուն վրայ արիւնազանգ նախճիր մը կը հիւսուէր, եւ հայկական բազմութիւններ մինչեւ Տէր Զօր եւ Եփրատ կը քշուէին մահուան ճամբաներէն, երբ բուռ մը հայեր, ըմբոստութեան դրօշ պարզելով դահիճին դէմ, իրենց արժանապատուութեամբ ապրելու վճռակամութիւնը կ՛աղաղակէին թուրքին թէ քաղաքակիրթ աշխարհին:

Մուսա լեռ, Ուրֆա, Հաճըն, Այնթապ, Շապին Գարահիսար եւ Սասուն, ինչպէս նաեւ` մեծ ու փոքր խոյանքները մեր ժողովուրդին, անթեղուած ոգիի մը հրդեհումը կը յատկանշեն եւ կը մնան սրբազան կոթողումներ` ազատութեան ճանապարհին վրայ:

Անկախաբար այդ հերոսամարտերու արդիւնքէն, զանոնք պատմական դրուագներու վերածող ոգեկան բովանդակութիւնն է, որ կը շահագրգռէ մեզ: Առանց Մուսա լերան ապստամբութեան եւ միւս խիզախումներուն, պարտաւոր պիտի ըլլայինք եզրակացնելու այսօր, թէ հայ ժողովուրդը, հակառակ ԺԹ. դարու եւ յաջորդող շրջաններու ընդհանրականօրէն յեղափոխաշունչ եւ ազատագրական ձգտումներուն, անհաղորդ մնացած էր ժամանակի պահանջներուն, ստրկամտօրէն եւ նահանջականօրէն ենթարկուելով բռնի եւ բիրտ ուժերու տիրապետութեան:

Ու ի՞նչ կայ աւելի ողբալի, աւելի տրտում եւ ցաւագին, քան` նոր սերունդներուն փոխանցել միայն նահատակներ ու զոհեր, միայն աւեր ու անփառունակ պարտութիւն:

Այսօր, պատմական հերոսամարտէն աւելի քան քառասնամեակ մը ետք, աւելի քան երբեք յստակ է հայոց պատմութեան համար, որ չէր կրնար բացուիլ Հայաստանի անկախութեան ճանապարհը, եթէ հիւսիսային, արեւելեան թէ հարաւային նահանգներու մէջ հերոսական մարտնչումներու եւ ճակատագրական գոյամարտերու յանձնառու եղած չըլլար մեր ժողովուրդը, եւ յեղափոխական ոգին ընդմիշտ ցամքած ըլլար մեր սերունդներու հոգիին մէջ:

Սուէտիոյ արծուեբոյնը դէպի ազատութեան հորիզոն բացուող ճանապարհի առաջին հանգրուաններէն մէկն է, որուն վրայ բարձրացաւ հայուն արժանապատուութեան դրօշը:

Տարերային թափով մը պոռթկուն այդ խիզախումը, ինչպէս մեր միւս բոլոր հերոսամարտերն ու գոյամարտերը, տրամաբանական եւ դատողական հաշիւներու չեն տոկար անշուշտ:

Սուէտիան կամուրջ մըն է մեր անցեալին մեր դարաւոր ըմբոստութիւններուն եւ մեր ապագային միջեւ: Անկիւնադարձ մը, հերոսական ոգորումներէ վերջ ստեղծուած ստրկութեան դարերու եւ ԺԹ. դարէն ետք վերարծարծ յեղափոխաշունչ, ազատագրապաշտ խոյանքներու շրջանի մը միջեւ:

Այսօր, երբ հանդիսաւորապէս կը տօնենք տարեդարձը սրբազան այդ ըմբոստութեան, կ՛ուզենք, որ ամէն երիտասարդ ու պատանի իրեն համար ներշնչումի աղբիւր մը ընտրէ փառապանծ այդ դրուագին մէջ:

Ծանօթ է Վերֆելի գործը, ծանօթ են մանաւանդ այն տիպարները, որոնք ժողովրդական զանազան դասերու եւ խաւերու ընդմէջէն կ՛արտայայտեն հայութեան գաղափարապաշտութիւնը, ազատատենչ ոգին, ժողովրդավար ըմբռնումները եւ մանաւանդ ազգային արժանապատուութիւնը:

Տատասկներու եւ փուշերու մէջ կորսուած, հարթ ու անշունչ հողաթումբեր չեն Սուէտիոյ ապստամբութեան հերոսներուն գերեզմանները: Մեռնողներու բո՛ւն տեղը մեր պատմութեան հոգիին եւ առօրեայ ապրումներուն մէջ է` իբրեւ մշտական պատգամ դէպի նոր կեանք եւ ազատութիւն:

Share this Article
CATEGORIES