ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՄԻՔԱ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻՆ ԻՐ ՏՈՄՍԸ
Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի դարձի առաջին մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Բանանց եւ Միքա: Անոնց միջեւ երթի մրցումը աւարտած էր 3-3 արդիւնքով:
Երէկուան այս հանդիպումին Միքա 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր իր դէմ պիտի ունենայ Ուլիս – Շիրակ մրցումին յաղթականը: Այս երկուքին միջեւ երթի մրցումը աւարտած է 1-0 արդիւնքով` ի նպաստ Միքայի: Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 27 ապրիլին:
Բանանցի դէմ տեղի ունեցած մրցումին Միքայի կոլը նշանակեց Աղուան Մկրտչեան (62-րդ):
CATEGORIES Մարզական


