ՃԱՓՈՆԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՔԱԹԱՐ ՕԼ-ՍԹԱՐԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՄՐՑՈՒՄ ՄԸ ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ
Օժանդակելու համար Ճափոնի երկրաշարժին զոհ գացած անձերուն` Քաթար յառաջիկայ դեկտեմբերին Օլ-Սթարի ֆութպոլի մրցում մը պիտի հիւրընկալէ, յայտնեց պրազիլցի նախկին յետսապահ Քաֆու:
Ֆութպոլի աստղերու հաւաքականը պիտի մրցի Պրազիլ- Գերմանիա միացեալ խումբի մը դէմ, որուն անդամներուն մեծամասնութիւնը համապատասխան երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբերու հետ մասնակցած է 2002-ի Մոնտիալին:
Քաֆու իր այս յայտարարութիւնը կատարեց հանդիպում մը ունենալէ ետք Քաթարի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Շէյխ Համատ Պըն Խալիֆա Պըն Ահմետ Ալ Թանիի եւ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Մոհամետ Պըն Համմամի հետ:
Վերոնշեալ երկու ֆետերասիոնները կը ծրագրեն, իւրաքանչիւրը առանձին, այլ ծրագիրներ ալ մշակել` օժանդակելու համար Ճափոնի աղէտեալներուն:
Նշենք, որ Քաթար պիտի հիւրընկալէ 2022-ի Մոնտիալը:
CATEGORIES Մարզական

