ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. – ՓԼԷՅ-ՕՖԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ. ՍԵԼԹԻՔՍ ԵՒ ՄԱՎԸՐԻՔՍ 2-0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՅԱՌԱՋԱՑԱՆ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ:
Պոսթըն Սելթիքս եւ Տալաս Մավըրիքս իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ 2-0 արդիւնքով յառաջացան իրենց մրցակիցներուն վրայ: Սելթիքս յաղթեց Նիւ Եորք Նիքսի (96-93), իսկ Մավըրիքս` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի (101-89):
Նիքսի մարզիկներէն Քարմելօ Անթոնի բաւական անբախտ զգաց ինքզինք: Ան թէեւ նշանակեց 42 կէտ, սակայն անոր կազմը յաղթանակ չկրցաւ արձանագրել: Ռաժոն Ռոնտօ (Սելթիքս) նշանակեց 30 կէտ:
Մավըրիքսի արձանագրած յաղթանակին մէջ իր դերը ունեցաւ Տըրք Նովիթցքի, որ նշանակեց 33 կէտ:
Վերջապէս, երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումին, Օրլանտօ Մեճիք 88-82 արդիւնքով յաղթելէ ետք Աթլանթա Հոքսի, յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել 1-1 արդիւնքով: Տուայթ Հաուըրտ (Մեճիք), որ առաջին մրցումին նշանակած էր 46 կէտ, երէկ նշանակեց 33 կէտ եւ 19 ռիպաունտ:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ նշուած են ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները).
Օքլահոմա Սիթի – Տենվըր Նակեթց (1-0)
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ (0-1)
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Նիւ Օրլինզ (0-1)