Հայ Մանուկի Տարուան Առիթով Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Աշակերտները Ուխտագնացութիւն Կատարեցին Անթիլիաս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Տօնին

Հայ մանուկի տարուան եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու հիմնադրութեան 80-ամեակի առիթով Լիբանանի թեմի չորս Կիրակնօրեայ վարժարաններու` մայրավանք, Ս. Քառասնից մանկանց, Ս. Աստուածածին եւ Ֆանարի աշակերտները Ս. Գրիգոր լուսաւորչի Մուտն ի վիրապ տօնին առիթով, որ միեւնոյն ատեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտի օրն է, համախմբուեցան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մայր տաճարին մէջ ուր մասնակից եղան սուրբ եւ անմահ պատարագին, որմէ ետք  մասնակցեցան հանդիսաւոր թափօրին: Աւելի քան 250 աշակերտ-աշակերտուհիներ կաթողիկոսարանի փակի երկու կողմերը շարք կազմեցին, իրենց ձեռքերը ունենալով դրօշակներ` Կիրակնօրեայ վարժարաններու խորհրդանշանով, եկեղեցւոյ եւ վեհափառ հայրապետին նկարը, ինչպէս նաեւ`  պաստառներ, որոնց վրայ իրենց սրտի խորերէն շնորհակալական խօսք կ՛ուղղէին Արամ Ա. կաթողիկոսին, 2011 տարին Հայ մանուկի տարի հռչակելու համար: Աշակերտները հաւատքով մօտեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Ս. Աջին անոր օրհնութիւնը ստանալու, որմէ ետք բոլորը համախմբուեցան մայրավանքի կիրակնօրեայ դպրոցին սրահը` միասնաբար հատելու 80-ամեակի պատկեր ունեցող կարկանդակը, ապա մեծ գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց տուները:

Share this Article
CATEGORIES