ԺԻՒՏՕ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ 6 ՄԱՐԶԻԿՈՎ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ
Երէկ, Պոլսոյ մէջ սկսաւ Եւրոպայի ժիւտոյի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` վեց մարզիկով (մէկ աղջիկ եւ հինգ տղաք):
Այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Գայեանէ Յարութիւնեան (48 քկ), Յովհաննէս Դաւթեան (60 քկ), Արմէն Նազարեան (66 քկ), Համբարձում Տոնոյեան (66 քկ), Արտեոմ Պաղտասարեան (73 քկ) եւ Յակոբ Առաքելեան (100 քկ):
Հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է ռումանացի մասնագէտ Ատրիան Քրոյիթորու, մինչ Թուրքիա մեկնած պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին նախագահը` ռումանացի Քոնսթանթին Պոկտան:
CATEGORIES Մարզական