Բանակը Կը Գրաւէ Զէնքով Բեռցուած Փոխադրակառք Մը
Բանակի հրամանատարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Լիբանանի սահմաններուն հսկողութեան եւ զինեալներուն ու զէնքերուն մաքսանենգումը զսպելու շրջագիծին մէջ, Ռաս Պաալպեքի մէջ կասեցուց փոխադրակառք մը, որուն վարորդը մերժեց ենթարկուիլ բանակին հրահանգին եւ զէնք բարձրացուց զինուորականներուն դէմ:
Բանակին զետեղած անցարգելին հրամանատարը ստիպեց փոխադրակառքը կանգ առնելու` շրջափակելէ ետք զայն:
Բանակը ձերբակալեց փոխադրակառքին մէջ գտնուող ութ սուրիացի քաղաքացիները եւ գրաւեց փոխադրակառքը, որ կը պարունակէր գնդացիրներ, ռումբեր, հրասանդեր, «Պէ. 7» եւ «էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետեր ու անթել հաղորդակցութեան յատուկ սարքեր:
CATEGORIES Լիբանանեան

