Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարցով Շարպելի Թուրքիա Այցելութիւնը Հաւանական Է
Ըստ տեղեկատուական որոշ աղբիւրներու, Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցով ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի Թուրքիա այցելութիւնը հաւանական է, որովհետեւ այդ թղթածրարին առումով ի յայտ եկած են դրական նշոյլներ եւ տուեալներ:
Նոյն աղբիւրները շեշտեցին սակայն, որ այդ հանդիպումին շրջագիծին մէջ բանակցութիւնները պիտի մնան գաղտնի` բոլոր մակարդակներուն վրայ:
Կը նախատեսուի նաեւ, որ Շարպելի ընկերակցի նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ` շարունակելու համար առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւնները:
Նշենք, որ սալաֆական «Իքրա» շարժումի նախագահ Պիլալ Տըքմաք, որ մաս կը կազմէ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն, շեշտեց, որ յառաջիկայ օրերուն կարելի պիտի ըլլայ 3 կամ աւելի առեւանգուած լիբանանցիներու ազատ արձակումը, որովհետեւ այդ բանակցութիւններուն ծիրին մէջ գործադրուած միջնորդութիւնը յաջողած է:
Տըքմաք հաստատեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներու ազատ արձակումին պահուն նախարար Շարպել ներկայ պիտի գտնուի եւ պիտի ստանձնէ լիբանանցի քաղաքացիները:

