Լեւոն Հայրապետեան Վեց Ամիս Պիտի Բացակայի Ֆութպոլի Դաշտերէն
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան, որ նախորդ շաբաթավերջին ենթարկուեցաւ ծունկի վիրաբուժութեան, 6 ամիս պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, յայտարարեց Հայրապետեանի ակումբը` Կրանսքի Լեխիա (Լեհաստան):
Լուրը փոխանցած Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը աւելցուց ըսելով, որ Հայրապետեան վիրաւորուած էր շաբաթ մը առաջ Պուլկարիոյ դէմ տեղի ունեցած 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումին ընթացքին:
CATEGORIES Մարզական

